Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Ֆինիքս Դուրս Մնաց Փլէյ-Օֆէն

April 8, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի բնական եղանակը իր աւարտին մօտեցած է եւ խումբեր 3-4 մրցում ունին կատարելիք:

Արեւմտեան շրջանի խումբերէն Ֆինիքս Սանզ երէկ եւս պարտութիւն մը կրելով կորսնցուց իր չնչին յոյսերը հասնելու փլէյ օֆի վերջին դիրքին, մանաւանդ որ 4 մրցումներ ունի կատարելիք Կոլտըն Սթէյթի, Օքլահոմայի, Սան Անթոնիոյի եւ Սաքրամենթոյի դէմ, որոնց անպայման պէտք է յաղթէ, յոյսով, որ Տալաս եւ Սաքրամենթօ պարտուին իրենց բոլոր մրցումները: Հարցը յաղթելը չէ, այլ Ֆինիքսի վերջին ելոյթները, ուր 6 յաջորդական պարտութիւններ կրելով խումբին մակարդակը իջած է, մանաւանդ առանց վիրաւոր Քեւըն Տիւրենթի:

Տեւըն Պուքըր 40 կէտ նշանակեց, սակայն բաւարար չէր Նիքսի Մետիսըն Սքուեր Կարտընին մէջ, ուր Նիւ Եորք արձանագրեց իր 50-րդ յաղթանակը:

Ճէյլըն Պրանսըն վերադարձած էր 1 ամիս բացակայելէ ետք, բայց Օ. Ճի. Աունոպի իր 32 կէտէն 19-ն նշանակելէ ետք 3-րդ մասին վճռեց մրցումը:

Օքլահոմայի մէջ, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ պարտութեան մատնեց «Էն. Պի. Էյ.»-ի այժմու լաւագոյն խումբը` Օքլահոմա Սիթի Թանտըրը` 126-99 արդիւնքով:

Լուքա Տոնչիչ 30 կէտ նշանակեց ի նպաստ Լէյքըրզի, որ իր վերջին 5 մրցումներէն 4-ը յաղթած է: Օսթըն Ռիվզ (20 կէտ) եւ Լըպրոն Ճէյմս (19 կէտ) եղան կարեւոր տարրեր այս յաղթանակին:

Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտր 26 կէտ նշանակեց եւ Ճէյլըն Ուիլիամս աւելցուց 16 կէտ ի նպաստ Թանտըրի, որ կրեց իր յաջորդական 2-րդ պարտութիւնը:

Հակառակ իր 14-րդ պարտութեան, Օքլահոմա կը մնայ «Էն. Պի. Էյ.»-ի լաւագոյն խումբը, մանաւանդ որ Քլիվլենտ Քեվելիրզ իր կարգին պարտուեցաւ Սաքրամենթօ Քինկզէն` 120-113 արդիւնքով:

Ինտիանա Փէյսըրզ կրցաւ դիմանալ Նիքոլա Եոքիչի յարձակումներուն եւ շատ կարեւոր յաղթանակով վերադարձաւ Քոլորատոյէն` յաղթելով Տենվըր Նակեթցի` 120-125 արդիւնքով, նոյնիսկ առանց Փասքալ Սիաքամի:

Օպի Թոփին 22 կէտ նշանակեց այս տարուան իր 2-րդ մրցումին ի նպաստ Ինտիանայի, մինչ Տենվըր կրեց իր 4-րդ յաջորդական պարտութիւնը: Քանի մը շաբաթ առաջ Տենվըր Արեւմտեան շրջանի 2-րդ դիրքը կը գրաւէր, բայց այժմ 4-րդ դիրքի վրայ է եւ քանի մը պարտութիւն եւս կրնայ ուղղակի փլէյ-օֆի դիրքը կորսնցնել` մրցելով փլէյ-ին զտումի մրցումին:

Եոքիչ 41 կէտ, 15 ռիպաունտ եւ 13 էսիսթ կատարեց, բայց բաւարար չէր, եւ Տենվըր Ճամալ Մարէյի բացակայութեան համեմատաբար աւելի տկար կը թուի ըլլալ:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Չարլոթ Հորնեթց – Շիքակօ Պուլզ 117-131
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 99-126
Պրուքլին Նեթց – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 109-120
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 120-109
Քլիվլենտ Քեվելիրզ – Սաքրամենթօ Քինկզ 113-120
Պոսթըն Սելթիքս – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 124-90
Աթլանթա Հոքս – Եութա Ճեզ 147-134
Նիւ Եորք Նիքս – Ֆինիքս Սանզ 112-98
Տենվըր Նակեթց – Ինտիանա Փէյսըրզ 120-125
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Հիուսթըն Ռոքեթց 96-106
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Միլուոքի Պաքս 107-111

 

Նախորդը

ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի Յանձնախումբը Հայկական Ձեռագործներու Ցուցահանդէսով Հանրութեան Ներկայացուց Հայ Ձեռարուեստի Գոհարները

Յաջորդը

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Պայերն Միւնիխ – Ինթեր Միլան Եւ Արսենալ – Ռէալ Մատրիտ

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ

February 2, 2026
«Էմ.Էմ.Էյ.»  Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Մարզական

«Էմ.Էմ.Էյ.» Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

February 2, 2026
Ֆութսալ.  Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ
Մարզական

Ֆութսալ. Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.