Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Պահանջով Խնդրագիր` Ուղղուած ԵԱՀԿ-ի Բարձրաստիճան Պաշտօնեաներուն

April 5, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի կողմէ կալանաւորուած հայ պատանդներու ազատ արձակման նպաստելու համար ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակը վեց լեզուով գործարկած է հարթակ մը, որուն միջոցով կարելի է դիմել ԵԱՀԿ-ի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն` վերջիններուս կոչ ուղղելով ձեռնարկելու ԵԱՀԿ-ի իրաւասութեան ներքեւ գտնուող մեքանիզմներ, որոնք թոյլ կու տան տեղւոյն վրայ դիտարկումի ենթարկել դատավարութիւններու օրինականութիւնը, հայ գերիներու պահման պայմաններն ու անոնց առողջական վիճակը եւ հանդէս գալ համապատասխան քաղաքական դիրքորոշումով:

Իւրաքանչիւր օր կարեւոր է մեր գերիներու կեանքին համար: Միջազգային հանրութիւնը պէտք է ճնշում գործադրէ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն վրայ` դադրեցնելու մարդու իրաւունքներու խախտումներն ու ազատ արձակելու անօրինական կերպով կալանաւորուած բոլոր բանտարկեալները:

Կը խնդրենք ստորագրել այս խնդրագիրն ու օժանդակել Պաքուի մէջ պահուող հայ պատանդներու ազատ արձակման:

https://armeniancause.net/

Ստորեւ կը ներկայացնենք խնդրագիրի ամբողջական բովանդակութիւնը:

Ձերդ գերազանցութիւն,

Քաղաքական ընդդիմադիրներու, անկախ եւ արտասահմանեան լրատուամիջոցներու իրաւունքներու ու ազատութիւններու աճող ճնշման, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի մէջ միջազգային ու մարդասիրական իրաւունքի կոպիտ խախտումներու պայմաններուն մէջ, ԵԱՀԿ-ի մասնակից երկիրները, որոնք հանդէս կու գան մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ, այլեւս չեն կրնար անգործութիւն ցուցաբերել:

ՄԱԿ-ի շարք մը կառոյցներ, տարբեր երկիրներու ու միջազգային կառոյցների խորհրդարանական մարմիններ եւ Եւրոպական խորհրդարանը տասնեակ բանաձեւերով կոչ կ՛ուղղեն անյապաղ քայլեր ձեռնարկելու հայ գերիներու ազատ արձակման ուղղութեամբ:

Յատկապէս անյապաղ անհրաժեշտութիւն կայ ստեղծելու փորձագէտներու յանձնախումբ` ուսումնասիրելու եւ զեկուցելու այն մտահոգութիւններուն մասին, որոնք գնահատուած են իբրեւ ԵԱՀԿ-ի մարդկային հարթութեան (Human Dimension) յանձնառութիւններու կոպիտ խախտումներ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան կողմէ: Առաջնային ուշադրութիւն պէտք է դարձնել քաղաքական ընդդիմադիրներու եւ քաղաքական բանտարկեալներու ձերբակալման, կալանաւորման եւ դատավարութեան պայմաններուն, ինչպէս նաեւ այն գործելակերպին, որ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութենէն հայազգի կալանաւորներուն: Ազրպէյճանական գործողութիւնները ատելութեան եւ ցեղային խտրականութեան ակնյայտ դրսեւորումներ են:

ԵԱՀԿ-ի համապատասխան առաքելութիւնը պէտք է գնահատէ Ազրպէյճանի դատաիրաւական գործողութիւնները հաշուի առնելով այդ պետութեան, իբրեւ ԵԱՀԿ-ի անդամ, յանձնառութիւնները:

Այս նպատակով մենք կը դիմենք Ձերդ գերազանցութեան, որպէսզի վճռական քայլեր ձեռնարկէք` ԵԱՀԿ-ի Մնայուն խորհուրդի, Մարդկային հարթութեան յանձնախումբի (Human Dimension Committee) եւ ԵԱՀԿ-ի մասնակից պետութիւններու աջակցութեամբ, 1991 թուականի Մոսկուայի փաստաթուղթի 12-րդ կէտով սահմանուած գործիքակազմի` Մոսկուայի մեքանիզմի կիրարկման համար, ինչ որ արդէն իսկ կատարուած է ռուս-ուքրանական հակամարտութեան ժամանակ, ինչպէս նաեւ Պիելոռուսիոյ մէջ:

ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

4 ապրիլ 2025

 

Նախորդը

Ճէյքըպս. «Թրամփ Անհամբեր Կը Սպասէ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Ստորագրման Եւ Վաւերացման»

Յաջորդը

Ակնարկ. Թել Աւիւ-Անգարա Զգուշացումներ Երեք Ուղղութիւններով

RelatedPosts

«Հայաստան» Խմբակցութեան  Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն

November 10, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Կը Փորձէ Իր Որոշումներուն Համար Պատասխանատուութիւնը Բարդել ՀԱՊԿ-ի Վրայ»

November 10, 2026
Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի,  Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ  Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման  Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»
Գլխաւոր լուրեր

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի, Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.