Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Ժան Նոել Պարրօ եւ Հաքան Ֆիտան Փարիզի մէջ հանդիպումի ընթացքին քննարկած են Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու Կարգաւորումը: Այս մասին կը հաղորդէ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
«Նախարարները ընդգծած են, որ Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորումը` 2 պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան նկատմամբ պատշաճ յարգանքով, պէտք է Հարաւային Կովկասին կարելիութիւն տայ դառնալ խաղաղութեան, համարկման եւ համագործակցութեան տարածք», նշուած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:


