Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր երէկ յայտարարեց. «Թրքական դերակատարութիւն Սուրիայով սահմանափակուած չէ, թուրքերը Լիբանանի մէջ ժխտական դերակատարութիւն ունին»:
Ան նախապէս յայտնած էր, թէ Թուրքիան Իրանէն Հըզպալլային գումարներու փոխանցման մէջ դեր ունի:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ նշեց. «Լիբանանի հետ սահմաններու եւ մեր ուժերուն ձերբակալուած գերիներու հարցով բանակցութիւններ կը կատարուին:
Սահեր նաեւ նշեց. «Մեր նպատակն է Իրանին արգիլել հիւլէական զէնք ունենալ, եւ դիւանագիտական ուղին չենք բացառեր»:


