Կազմակերպութեամբ Ս. Փրկիչ ժողովրդապետութեան Ս. Ներսէս Լամբրոնացի մշակութային միութեան, մասնակցութեամբ «Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնին եւ Տիրամայր Զմմառու «Հաւատք եւ լոյս» խմբակին, շաբաթ, 22 մարտ 2025-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին «Սիրով ստեղծուեցանք» խորագիրով կամքի տէր անձերու միասնական հաւաք մը տեղի ունեցաւ Ս. Փրկիչ հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան մէջ:
Հաւաքը սկսաւ ս. պատարագով, զոր մատուցանեց Պետրոս վրդ. Մարաշլեան: Օրուան ս. պատարագը ունեցաւ իւրայատուկ դրոշմ, աննախադէպ երեւոյթ էր կամքի տէր անձերուն ուղղակի մասնակցութիւնը: Անոնցմէ ոմանք մեծ ուրախութեամբ սպասարկեցին պատարագի ամբողջ ընթացքին, իսկ բոլորն ալ անհատաբար, յօժարակամ դիտաւորութեան աղօթքներ բարձրացուցին առ Աստուած: Անոնցմէ արտաբերուած աղօթքները մեզի համար յստակ ու հասկնալի բառեր չէին, այլ` Աստուծոյ ուղղակի հասնող անվերապահ սիրոյ արտայայտութիւններ: Քարոզին մէջ հայր Պետրոս իր անսահման ուրախութիւնն ու պատիւը յայտնեց սոյն պատարագը մատուցելուն համար: Ան նկարագրեց այդ անձերուն անմեղութիւնը, համբերութիւնը, սէրն ու բարութիւնը, զորս ինք ապրած ու զգացած է յանձինս կամքի տէր եղբօրը, որուն նկարները ցուցադրելով` պատմեց անոր անմիջական ազդեցութիւնը իր կեանքի վարդապետութեան ուղիին վրայ: Վարդապետը շեշտեց, որ նման անձերը մեր կեանքին օրհնութիւնն են: Խորհրդաւոր ու յուզիչ այս պատարագը դրախտային դրոշմ մը ձգեց ներկաներէն իւրաքանչիւրին վրայ:
Աւարտին տեղւոյն ժողովրդապետ Սահակ վրդ. Քէշիշեան հրաւիրեց «Զուարթնոց» կեդրոնի տնօրէն, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեանը, որ իր կարգին արտայայտելէ ետք իր ուրախութիւնն ու յուզումը, անդրադարձաւ կամքի տէր մարդոց նկարագրի անբծութեան մասին, ողջունեց անոնց մայրերը, որոնք համբերութեամբ կը հոգան իրենց զաւակներուն, նաեւ յարգանքի խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք կամաւորաբար խնամելու առաքելութեան ճամբուն վրայ են: Ան անդրադարձաւ նաեւ սոյն առաքելութեան դժուարութիւններուն մասին, սակայն ըսաւ, որ անոնցմէ ստացուած սէրը կը մեղմացնէ ամէն դժուարութիւն եւ կը զօրացնէ կամքը` շարունակելու համար վեհ առաքելութիւնը:
Ապա հայր Սահակ հրաւիրեց Տիրամայր Զմմառու «Հաւատք եւ լոյս» խմբակի ատենապետ Այտա Քէշիշեանը, որ հակիրճ ներկայացուց խմբակի հիմնադրութեան պատմականն ու գործունէութիւնը: Ան ըսաւ, որ երբ մարդիկ անէծք կը համարէին նման զաւակներ ունենալը եւ կը մերժուէին հանրութեան կողմէ, այս խմբակին առաքելութիւնը եղաւ բացայայտել կամքի տէր մարդոց օրհնութիւն ըլլալը եւ ընդունելի դարձնել զանոնք մեր շրջանակին մէջ: Ան յայտնեց, որ իր անձնական փորձառութեամբ անդրադարձաւ ու հասկցաւ, որ մենք չենք անոնց սորվեցնողները, այլ մենք անոնցմէ սորվողներն ենք, եւ անոնց միջոցով է, որ կը կերտուին մեր իսկական ու անկեղծ նկարագիրները:
Սրտի խօսքերէն ետք «Զուարթնոց»-ի եւ «Հաւատք եւ լոյս» խմբակին կողմէ յուշանուէրներ յանձնուեցան Ս. Փրկիչ ժողովրդապետութեան:
Յիշատակի խմբանկարէ ետք բոլորը հաւաքուեցան ժողովրդապետութեան շրջափակին մէջ, ուր Ս. Ներսէս Լամբրոնացի մշակութային միութեան ատենապետ Մարալ Հարպոյեան բարի գալուստի խօսքէ ետք ներկայացուց եւ հրաւիրեց Լուսիկին խմբակը` ճոխացնելու համար ձեռնարկը: Խանդավառ ու ճոխ մթնոլորտէ մը ետք բոլորին բաժնուեցաւ հիւրասիրութիւն եւ նուէրներ:
Բոլորիս համար օրուան ամենամեծ վերացական պարգեւը եղաւ անմեղ էակներու անշահախնդիր սիրոյ արտայայտութիւններն ու անոնց պայծառ ժպիտները:
ԹՂԹԱԿԻՑ


