Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մահացաւ Լիբանանեան Թատրոնի Խորհրդանշական Դէմքերէն Անթուան Քըրպեժ

April 3, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

16 մարտ 2025-ին մահացաւ ոչ միայն լիբանանեան, այլ արաբական արուեստի աշխարհին մէջ իր ուրոյն դրոշմը ձգած, իսկական առասպել եւ արուեստի աշխարհին հիմնասիւներէն լիբանանցի դերասան Անթուան Քըրպեժ` 90 տարեկան:

Լիբանանեան արուեստի աշխարհին մեծանուն հեղինակաւոր դէմքերէն  Անթուան Քըրպեժ իր յատկանշական կամարաձեւ յօնքերով, ցցուն պեխերով եւ հազարաւորներու մէջ ճանաչելի թաւ ձայնով իր կեանքէն մօտ կէս դար նուիրեց լիբանանեան եւ արաբական բեմին, պատկերասփիւռին եւ շարժանկարին:

Ծնած է Զապպուղա (Լեռնալիբանան) գիւղին մէջ եւ 1966 թուականին ամուսնացած է արուեստագէտ եւ լրագրող Լոր Ղորայէպի հետ, որմէ ունեցած է երեք զաւակներ:

Ան առաջին անգամ բեմ բարձրացած է 1960-ական թուականներուն, երբ աւարտած էր Սեն Ժոզեֆ համալսարանը` ընդունելով իր թատերական կոչումը Մունիր Ապու Տէպսի ղեկավարութեամբ:

Դասական եւ լիբանանեան գործեր

Քըրպեժի տիրական խօսքը եւ ազդու ներկայութիւնը զայն բարձրացուցին Լիբանանի ամէնէն հեղինակաւոր բեմերը, ուր ան խաղաց արեւմտեան թատերական դասականներ ու գործեր, զորս անձամբ թարգմանած էր, ինչպէս նաեւ տեղական գործեր` Ժալալ Խուրի, Իսամ Մահֆուզ, Եագուպ Չետրաուի, Պերճ Ֆազլեան, «Քարաքալլա» համոյթ, Ռահպանի եղբայրներ կամ Անթուան Ղանտուր: Քըրպեժ պարբերաբար ներկայացուցած է թատերախաղեր, կատակերգութիւններ եւ պատմական դիւցազներգութիւններ` դառնալով անփոխարինելի կերպար թատրոնի, շարժանկարի եւ հեռատեսիլի:

Անոր յիշարժան դերը եղած է Ժան Վալժանի կերպարի մարմնաւորումը Հիւկոյի «Թշուառները» գործին մէջ, որ պատկերասփիւռի համար յարմարեցուած է Պասեմ Նասրի կողմէն, եւ որ` 1974 թուականին ցուցադրուեցաւ, ինչպէս նաեւ ժողովրդական հերոս Պարպար Աղայի (1980) դերը կը մնան բոլորին վառ յիշողութիւններուն մէջ:

Իր որդին` Մազեն Քըրպեժ, ճանչցուած արուեստագէտ, կ՛անմահացնէ իր հօր ուղին` գրելով «Անթուան» խորագիրով շարք մը նորավէպեր, որոնք զգայուն կերպով կը բացայայտեն իր հօր վարագոյրի ետին այս առասպելական դերասանին ապրած կեանքը եւ մասնագիտական ուղին:  Այս պատմութեան գլխաւոր դերասանը` Ա. Քըրպեժ, մահացաւ Ալզհայմրի դէմ երկարատեւ պայքարէ ետք:

Մշակոյթի նախարար Ղասսան Սալամէ «Էքս»-ի իր էջին վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Անթուան Քըրպեժ իր իսկ սահմաններուն մէջ յիշատակելի անձ էր` թէ՛ գրականութեամբ, թէ՛ դերասանական խաղարկութեամբ, թէ՛ բեմադրական գործերով: Ան անշրջանցելի կերպար մըն էր Լիբանանի թատրոնին ոսկեդարու շրջանին: Անոր նշանաւոր խոժոռ նայուածքին եւ դէմքի ուրոյն արտայայտութեան տակ թաքնուած էին` Քըրպեժի անկեղծ ներքին բարութիւնը, անոր յղկուած մասնագիտական նուիրումը եւ այս գեղեցիկ արուեստին ու իր զաւակներու նկատմամբ անդադրում մտահոգութիւնը: Աստուած հոգին լուսաւորէ եւ համբերութիւն տայ իր ընտանիքին` այս մեծ կորուստին համար»:

Քըրպեժի աւանդը վստահաբար պիտի շարունակէ ներշնչել սերունդներ, ան տիրական ներկայութիւն պիտի մնայ պատկերասփիւռի կայաններու պաստառներուն թէ շարժապատկերի սրահներուն մէջ:

Նախորդը

Գաղութէ – Գաղութ

Յաջորդը

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդին. «Մհեր Ջուլհաճեան» Շարադրական Մրցանքին Մասնակցեցան Լիբանանահայ 12 Վարժարաններէ 73 Աշակերտներ

RelatedPosts

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի  Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան  87-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում
Գաղութային

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 87-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

September 21, 2026
Հայաստանի Վերանկախութեան Տօնին Առիթով  Հանրապետական Մաղթանք Կատարուեցաւ  Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ
Գաղութային

Հայաստանի Վերանկախութեան Տօնին Առիթով Հանրապետական Մաղթանք Կատարուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

September 21, 2026
Կարպիս Քենտիրճեանի Անհատական Ցուցահանդէսի Բացում
Գաղութային

Կարպիս Քենտիրճեանի Անհատական Ցուցահանդէսի Բացում

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.