Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդածութիւն Մասթըրին Հետ

March 29, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ ՏԷՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Եռաբլուր եմ:

Շուրջս` անծայրածիր տխրութիւն, ցասում, զայրոյթ եւ ցաւ:

Եռագոյն դրօշներ… որոնք, հակառակ իրենց ունեցած հպարտութիւն պատճառող իւրայատկութեան, բոլոր գլուխները կը խոնարհեցնեն:

Մտածումները սառած են: Զգացումները` գերիշխող: Արցունքը` ակնյայտ, իսկ լորձունքը կախուած` իւրաքանչիւրին կոկորդին:

Դադիվանքի հերոս քահանան Յովհաննէս քհնյ. Յովհաննիսեան կանգնած է եկեղեցւոյ մուտքին` խաչ ու խունկով յոյս ներշնչելու եւ ցաւեր ամոքելու համար:

Քայլերս կ՛ուղղեմ ծանօթ ճանապարհին: Կարելի չէ Եռաբլուր հասնիլ եւ մասթըր Կարօ Քեպապճեանին հետ «չխորհրդածել»:

Կը կանգնիմ դամբարանին դիմաց: Վստահ եմ, որ մասթըր Կարոն որեւէ այլ տեղ պիտի չուզէր վերջին հանգիստը ունենալ: Նահատակներու կողքին կը ննջէ սփիւռքահայ մեր մասթըր Կարոն, այլ հերոս մը, Հայ սեւ գօտիներու միութեան հիմնադիրը, Արցախի Հանրապետութեան երկար տարիներու Միջին Արեւելքի դեսպանը:

Լիբանան, Յունաստան, Փարիզ, արաբական երկիրներ, Հայաստան, Արցախ, Շուշի… Շուշի… Շուշի… եւ… Եռաբլուր:

Մասթը՛ր, տակաւին չեմ կրնար հաւատալ, որ կեանքով լեցուն, անհամբեր, անհանդարտ քու բնաւորութեամբդ կը ննջես լուռ այս դամբարանին ներքեւ:

Չեմ կրնար հաւատալ, որ ալ չեմ լսեր քու նոր ծրագիրներուդ, նոր գաղափարներուդ մասին, որոնք վերջ չունէին, եւ որոնց հանդէպ քու հաստատակամութիւնդ կը զարմացնէր բոլորս:

Բայց կը հաւատամ, որ մեկնեցար սրտիդ ցաւէն: Ցաւ, որուն պատճառը մեր արժանապատուութեան, մարդկային եւ պապենական հողերու կորուստն էր: Չդիմացար, կարելի չէր դիմանալ:

Կը փորձեմ այդ օրերու ներաշխարհիդ մասին մտածել: Զգացած ցաւիդ երեւակայութիւնն անգամ կ՛ալեկոծէ հոգիս, կը խեղդէ զիս:

Նախքան մահդ` հարց տուի քեզի. «Ի՞նչպէս պիտի դաստիարակենք մեր նոր սերունդը: Ի՞նչ պիտի ըսենք Արցախին եւ Շուշիին մասին, երբ անոնք չկան ալ, ու չկայ մեր հայկական յատուկ հպարտութիւնը»:

Պատասխանդ չզարմացուց զիս:

«Ինչպէս մենք, դուք, մեր սերունդները դաստիարակուեցանք, նոյն ձեւով պիտի դաստիարակէք նոր սերունդը: Հաւատքով, յոյսով, վճռակամութեամբ: Այդ վճռակամութիւնն էր, որ Արցախը վերադարձուց օրին եւ կրկին պիտի վերադարձնէ ապագային»: Չկրցայ պատասխանել: Յուզուած էիր: Ես ալ:

Դադիվանքի քահանան իր մօտ կանգնած անձերուն կը պատմէ դրուագներ: Արցախէն բռնի տեղահանուած քոյրեր եւ եղբայրներ են: Տատամսելով կը հարցնեմ. «Վերադարձի յոյս ունի՞ք»:

Պատասխանը միահամուռ է եւ հնչեղ. «Անպայմա՛ն»:

Մասթըրին քաղցր ժպիտը յիշողութեանս ընդմէջէն կը նայի ինծի գոհունակ: Պատասխանը իրն է:

«Մենք չտեսնենք, մեր որդիքը, թոռից թոռը կը տեսնի,

Հրով լինի, սրով լինի` պիտի գնանք վաղ թէ ուշ»:

Կը մեկնիմ մասթըրին եւ նահատակներուն կորուստին ծանրութիւնը ուսերուս` փորձելով իրենց տեսլականին իրականացման համբերութեամբ զինուիլ, յոյսով ու հաւատքով լիցքաւորուիլ:

 

 

 

 

Նախորդը

«Հասակ Մը Կայ Մեր Կենաց Մէջ…

Յաջորդը

Հաւատքի Եւ Գործի Ընկերը` Սարգիս Զէյթլեան*

RelatedPosts

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.