Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Դժուարութեամբ Յաղթեց Պքեննեյային` 87-82 Արդիւնքով

March 19, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի գիշեր տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Սփորթինկ Պքեննեյայի պասքեթպոլի ճակատումը, աղջկանց ախոյեանութեան գծով:

Մրցումը սկսաւ, եւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ առաջին մասի առաջին 8 վայրկեաններուն 18-12 արդիւնքով կը յաղթէր, 10 յաջորդական կէտեր ստանալով 18-22 արդիւնքով ինքզինք ուշ գտաւ առաջին մասի աւարտին: Վիճակը շատ տարբեր չէր Բ. մասին, ուր մրցակից խումբը 14-ի հասցուց իր առաւելութիւնը (23-37), բայց կիսախաղին Անթիլիաս քիչ մը ինքզինք գտած դադար առաւ 37-44:

Բ. կիսախաղին համեմատաբար աւելի էր ՀՄԸՄ Անթիլիասի կէտերուն թիւը: Եթէ ան շարունակէր առաջին կիսախաղի ընթացքը, թըրն-օվըրի մրցանիշ կրնար հաստատել: ՀՄԸՄ շատ լաւ անհատներ ունի, բայց օտար զոյգին հետ ոչ մէկը կայուն մրցում կ՛ունենայ: Անտեղի սխալներ կ՛արձանագրուին եւ դիւրին կողովներ չեն նշանակուիր, յոյսով, որ նոր մարզիչ Ժիլպեր Սալիպա ունենայ այս հարցին լուծումը, մանաւանդ որ ՀՄԸՄ Անթիլիաս թուղթի վրայ լաւագոյն մարզիկները ունի, բայց դաշտին վրայ` ոչ:

4-րդ մասին Եաշա Զէյնունի 3 կէտնոց կողովէն ետք արդիւնքը հաւասարեցաւ (60-60), եւ մինչեւ մրցումի աւարտը ՀՄԸՄ Անթիլիաս 72-67 արդիւնքով պահ մըն ալ յառաջացած էր, բայց խումբերը հաւասարութեամբ աւարտեցին 75-75 արդիւնքով:

Պէտք է ըսել, որ Եաչա Զէյնունի ազատ հարուածները (3 հատ) մրցումի աւարտէն 7 երկվայրկեան առաջ կրցան հաւասարեցնել արդիւնքը:

Երկարաձգումին, բնական էր, որ ՀՄԸՄ յաղթէր, մանաւանդ որ մրցակիցը 1 պահեստի մարզիկ կ՛օգտագործէր եւ յստակ էր, որ մարզիկները  յոգնած էին: 12 կէտերու դիմաց 7 կէտ ստանալով ՀՄԸՄ Անթիլիաս յաղթեց 87-82 արդիւնքով: Ճաքայրա «Այ. Ճի.»-ի Էլըն 22 կէտ նշանակեց 8 ռիպաունտ ձեռք ձգելով, հակառակ անոր որ ան 6 թըրնօվըր կատարած էր:

Փերլա Պու Նասր 16 կէտ նշանակեց, բայց մրցումի աւարտէն 17 երկվայրկեան առաջ իր 5-րդ ֆաուլը կատարելով դուրս եկաւ դաշտէն: Մրցակից «հսկայ» սենթըր Սենէ Մաճիկուենէ (198 մեթր) 28 կէտ եւ 24 ռիպաունտ ձեռք ձգեց եւ երկարաձգման աւարտէն 1,36 վայրկեան առաջ 5 ֆաուլերով դուրս եկաւ: Պքեննեյայի 2-րդ օտարը` Թայնիս Մարթին 29 կէտ նշանակեց 6 յաջող 3 կէտնոց կողովներով:

ՀՄԸՄ-ի երկրորդ օտարը` Քենետի Կեվըն 13 կէտ նշանակեց, մինչ Տանիելլա Ֆայյատ 14 կէտ աւելցուց ՀՄԸՄ-ի հաշուոյն: Եաշա Զէյնուն 9 կէտ նշանակեց մրցումի կարեւորագոյն վայրկեաններուն:

Այսպիսով, ՀՄԸՄ աւարտեց իր երթի մրցումները` կրելով երկու պարտութիւններ Ազուրէն եւ Ռիատիէն, գրաւելով 3-րդ դիրքը:

Նոյն օրը, Ռիատի 61-63 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Պէյրութ Ֆըրսթը, այս վերջինիս դաշտին վրայ, Շիյահի մէջ:

 

Նախորդը

Բռնցքամարտ. Նունէ Ասատրեան` Աշխարհի Ախոյեան

Յաջորդը

Օլմերթ. «Իսրայէլ Պէտք Է Շարհին Սուրիոյ Հետ Երկխօսութիւն Կատարելու Իր Պատրաստակամութիւնը Յայտնէ»

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.