Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ հոսանքի ամենամեայ խորհրդաժողովի ընթացքին յայտնեց. «Ազգային ազատ որոշումն է, որ կ՛արտօնէ սուրիացի գաղթականները իրենց երկիրը վերադարձնելու կառավարական ծրագիր եւ ազդու քայլեր որդեգրել, իսկ բնակեցման մերժումը կը վերածէ գործնական ծրագիրի եւ ոչ թէ պարզապէս նշանաբանի»:
«Ազգային ազատ որոշումն է, որ մեզ կարող կը դարձնէ գերիշխանական պատասխանատու զգացումով լուծելու զէնքի, որեւէ զէնքի հարցը, որպէսզի զէնքը միայն պետութեան մենաշնորհը ըլլայ եւ վերջինս իր իշխանութիւնը իր հողերուն վրայ տարածէ, սակայն պետութիւնը նաեւ պէտք է գիտնայ ինչպէ՛ս օգտուիլ այդ զէնքէն, որպէսզի կարենայ Լիբանանը պաշտպանել պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումով մը, որ իր սեփականութիւնն է: Պատերազմը, երբ Իսրայէլ մեր վրայ յարձակում կը գործէ եւ մեր հողը կը գրաւէ, եւ խաղաղութիւն, երբ Իսրայէլ մեր հողէն կը հեռանայ եւ մեր բոլոր իրաւունքները կու տայ», ըսաւ Պասիլ:
«Այսօր սուրիական բանակը դուրս եկաւ եւ Ասատի վարչակարգը տապալեցաւ, սակայն այսօր կը գտնուինք այլ տեսակի բռնագրաւումի մը` գաղթականներուն դէմ յանդիման, որովհետեւ երբ երկրորդ ժողովուրդ մը, որ քու ժողովուրդիդ կէսէն աւելի է, հողերուդ վրայ կը գտնուի, եւ պատճառ չունի մնալու, եւ դուն չես ուզեր, որ ան մնայ, եւ ան կամաւոր կերպով չի հեռանար, անիկա բռնագրաւում կը կոչուի», յայտնեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը:
«Սուրիացի գաղթականներու բանակին Լիբանանէն հեռացումը կը պահանջենք» յայտարարեց Պասիլ:


