Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Տղոց Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ – Սանթրալ

March 15, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վաղը կէսօրէ ետք ժամը 16:45-ին Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը մօտ 40 ժամուան ընթացքին իր երկրորդ մրցումը պիտի կատարէ` հիւրընկալելով Սանթրալը (Մարքազիյյէ Ճիւնին):

Համակիրներու ներկայութեան, այս մրցումը առիթ պիտի ըլլայ այս տարեշրջանի 3-րդ մրցումը կատարելու մեր դաշտին վրայ, ուր առաջին անգամ ըլլալով ելոյթ պիտի ունենայ Տի. Ճէյ. Քենետին, որ մօտ շաբաթ մը առաջ միացած էր ՀՄԸՄ-ին` փոխարինելով ֆրանսացի Աքսել Թուփանը:

Սանթրալ իր վերջին մրցումին 72-71 արդիւնքով յաղթած էր Մարիսթին (Շանվիլ)` արձանագրելով յաջորդական 2-րդ յաղթանակը Հուփսէն ետք (71-69) իր դաշտին վրայ: Սանթրալ 2 յաղթանակներու կողքին 3 պարտութիւններ կրած է` պարտուելով Սաժեսէն (118-88), Ռիատիէն (116-79) եւ Անթունիէէն (89-59):

Սանթրալի օտարներն են Քամերոն Եանկ, Ճերեմի Թայլըր եւ Օսիրիս Էլտրիճ:

Քամերոն Եանկ, որ 2 մրցում կատարած է եւ փոխարինած էր վիրաւոր Քլէանթոնի Ըրլին, միջին հաշուով 17,5 կէտ կը նշանակէ: Սենթըր Ճերեմի Թայլըր 15,6 կէտ կը նշանակէ` ձեռք ձգելով 8,2 ռիպաունտ, մինչ Էլտրիճ 12,8 կէտ կը նշանակէ ամէն մրցումի:

Լիբանանցի մարզիկներ Էլի Ղալեպ, Անթոնի Նապաա, Ճոուի Զալում Էլիոս Սաատ եւ Ուիլիամ Սաուան լաւ ելոյթ կ՛ունենան: ՀՄԸՄ-էն Ճորտըն Սթիվընզ միջին հաշուով 30,5 կէտ կը նշանակէ ամէն մրցումի` 9 էսիսթ կատարելով: Եուաթ Ալոք 17 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք կը ձգէ ամէն մրցումի, մինչ Կերի Չիւիչեան (17,5 կէտ) եւ Կապրիէլ Աճէմեան (13 կէտ) պէտք է իրենց լաւագոյն վիճակին մէջ ըլլան` նկատի ունենալով, որ պահեստի տղաքը բաւարար լաւ չեն ըլլար, կրնայ ըլլալ քիչ վայրկեաններ դաշտ ներկայանալու պատճառով:

Յոյսով, որ համակիրները անընդհատ քաջալերելով կրնան դառնալ ՀՄԸՄ-ի 6-րդ մարզիկը, արձանագրելու տարեշրջանի 3-րդ յաղթանակը:

 

Նախորդը

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Բաժակներ. Եունայթըտ 4-1 Արդիւնքով Յաղթեց Սոսիետատին

Յաջորդը

Աղջկանց Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Պքեննեյա Երթի Վերջին Մրցումը

RelatedPosts

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Ընտրուեցաւ Լաւագոյնը
Մարզական

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Ընտրուեցաւ Լաւագոյնը

October 31, 2026
Եւրոպական Ֆութպոլ.  Այսօր` Պայերն Միւնիխ – Տորթմունտ Վաղը` Լիվըրփուլ – Արսենալ
Մարզական

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Պայերն Միւնիխ – Տորթմունտ Վաղը` Լիվըրփուլ – Արսենալ

October 31, 2026
2800 Եւրօ Եւ 41 Վայրկեան` «Քլասիքօ»…
Մարզական

2800 Եւրօ Եւ 41 Վայրկեան` «Քլասիքօ»…

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.