Ամերիկեան կողմը պէտք է հասկնայ, որ Կրինլանտը ծախու չէ, եւ անոր ապագան պիտի որոշեն կղզիի բնակիչները: «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Կրինլանտի վարչապետ Մութէ Էկետէ:
«Մենք ամերիկացիներ չենք, ոչ ալ դանիացիներ ենք, մենք կրինլանտացիներ ենք: Եւ ամերիկացիներն ու անոնց ղեկավարութիւնը այս պէտք է հասկնան: Մենք ծախու չենք, եւ դուք չէք կրնար պարզապէս կղզին առնել», գրած է վարչապետը` աւելցնելով. «Մենք անձամբ պիտի որոշենք մեր երկրին ապագան»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Քոնկրեսին ուղղուած իր ուղերձին մէջ ըսած էր, որ մտադիր չէ հրաժարիլ Կրինլանտի նկատմամբ տարածքային յաւակնութիւններէն: Ան նշած էր, որ եթէ Կրինլանտի ժողովուրդը ուզէ, Միացեալ Նահանգները զանոնք պիտի ընդունին իրենց կազմին մէջ եւ պիտի հարստացնեն կղզիի բնակիչները:
Նշենք, որ 11 մարտին Կրինլանտի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան:


