Ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապեր յայտնեց. «Նախարարութիւնը մեծ եռանդով յառաջ կ՛ընթանայ երկրին ելեւմտական ու մաքսային համակարգը բարելաւելու համար անհրաժեշտ եւ հիմնական բարեկարգումներու կատարման մէջ»:
«Կառավարութիւնը յանձնառու է շարունակելու գործադրութիւնը բարեկարգումներու, որոնց նպատակը ելեւմտական թափանցիկութեան ամրապնդումն է, աշխատանքներու մթնոլորտի բարելաւումը եւ եկամուտներու գանձումի յաւելումը, ինչ որ կը նպաստէ ազգային տնտեսութեան աջակցութեան», ըսաւ Ժապեր:
Նախարարը այս մասին յայտնեց պետական ելեւմուտքի եւ մաքսատան տնօրէններու հետ երկու անջատ հանդիպումներու ընթացքին:
Ժապեր նշեց, որ յառաջիկայ շաբաթ կը նախատեսուին Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ քննարկումներ, որոնց ընթացքին պիտի ներկայացուին ելեւմտական ու մաքսային բարեկարգումներու մէջ նկատառելի յառաջընթացը եւ անոր ազդեցութիւնը ելեւմտական կայունութեան ու տնտեսական աճին վրայ:


