ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարը պահանջեց Ազրպէյճանի մէջ անօրինաբար պահուող հայ գերիները անյապաղ ազատ արձակել, հաղորդեց Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատունը:
3 մարտին Ժընեւի մէջ մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 58-րդ նստաշրջանին իր ելոյթին մէջ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատար Ֆոլքեր Թիւրք առանձնացուց Ազրպէյճանի մէջ անօրինաբար պահուող բոլոր անձերուն, որոնց կարգին ազգութեամբ հայերուն հարցերը` նշելով, որ անոնք պէտք է անյապաղ ազատ արձակուին, պէտք է բոլորովին պահպանուին արդար դատաքննութեան անոնց իրաւունքները:
Թիւրք նաեւ ընդգծեց, որ ուշադիր կը հետեւի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններուն: Ան յայտնեց, թէ ինք կը յուսայ, որ անոնք կ՛առաջնորդեն ճշմարտութեան հաստատման եւ հաշտեցման գործընթացի մը, որուն ինք պատրաստ է իր աջակցութիւնը ցուցաբերելու:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ, արձագանգելով Ազրպէյճանի մէջ անօրինաբար պահուող հայերը անյապաղ ազատ արձակելու մասին ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատար Ֆոլքեր Թիւրքի յայտարարութեան, յայտնեց, որ «արդարութեան հասնելու համար պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկել պատերազմական յանցագործութիւններու, ցեղային զտումներու, պատերազմական գործողութիւններու, խոշտանգումներու եւ այլ ծանր յանցագործութիւններու համար մեղադրուողները կամ դատապարտուողները»:
«Միայն ճշմարտութեան բացայայտումով եւ յանցագործութիւններու հետեւանքներու վերացումով խաղաղութիւնը եւ հաշտութիւնը պիտի յաղթեն անպատժելիութեան», ըստ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու, ըսաւ Հաճիզատէ:


