Հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աուն Գահիրէի մէջ Արաբական արտակարգ վեհաժողովի ծիրին մէջ իր հանդիպումներու շարքը աւարտեց Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ հանդիպումով` ներկայութեամբ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի, անոր եգիպտացի պաշտօնակից Պատր Ապտելաթիի եւ լիբանանեան ու եգիպտական պատուիրակութիւններու անդամներուն:
Նախագահ Աուն Սիսիին շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի հարցով միջազգային Հնգեակին ճամբով Լիբանանի նախագահական աթոռի դատարկութեան վերջ տալու ջանքերուն Եգիպտոսի մասնակցութեան համար: Ան նշեց, որ հետագային պիտի ընդառաջէ Եգիպտոս այցելելու Սիսիի հրաւէրին:
Հանրապետութեան նախագահը իր եգիպտացի պաշտօնակիցին ներկայացուց հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը, 5 բլուրներու իսրայէլեան բռնագրաւումին շտապ կերպով վերջ տալու եւ լիբանանցի գերիները վերադարձնելու անհրաժեշտութիւնը:
Սիսի իր կարգին յայտնեց, որ իր երկիրը շարք մը առնչակից երկիրներու հետ կ՛աշխատի շարունակելու համար հարաւային Լիբանանէն իսրայէլեան ամբողջական հեռացումը: Ան գնահատեց վերականգնման հոլովոյթի ծիրին մէջ նախագահ Աունի ջանքերը` նշելով. «Լիբանանի՛ զաւակ, մենք հետդ ենք, եւ Եգիպտոսը քու կողքիդ պիտի գտնես»:
Նախագահ Աուն Եգիպտոսի նախագահը հրաւիրեց Լիբանան այցելելու: Վերջինս խոստացաւ ընդառաջել հրաւէրին:
Հանրապետութեան նախագահը երեքշաբթի երեկոյեան նաեւ հանդիպում ունեցաւ Պահրէյնի թագաւոր Համատ Պըն Իսա Ալ Խալիֆայի հետ, որ գնահատեց նախագահ Աունի վեհաժողովի ընթացքին արտասանած խօսքը` ընդգծելով, որ իր երկիրը Լիբանանի կողքին կը կանգնի, որպէսզի իր ներկայ տագնապներէն դուրս գայ:
Պահրէյնի թագաւորը փափաք յայտնեց Լիբանան այցելելու` մաղթելով, որ Աուն իր կարգին Պահրէյն այցելէ:
Նախագահը շեշտեց, որ ինք վճռական է շարունակելու տարբեր ոլորտներու մէջ Լիբանանի եւ Պահրէյնի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացումը:
Նախագահ Աուն Գահիրէի մէջ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի հետ` մասնակցութեամբ երկու երկիրներու պատուիրակութիւններուն:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններն ու անոնց ապագան:
Քննարկուեցան նաեւ շարք մը առկախ հարցեր, եւ համաձայնութիւն գոյացաւ անոնց վերաբերեալ սուրիական նոր կառավարութեան կազմութենէն ետք միացեալ յանձնախումբերու ճամբով համակարգում կատարել: Համաձայնութիւն գոյացաւ բոլոր տեսակի խախտումները արգիլելու համար Լիբանան-Սուրիա սահմանի վերահսկողութեան անհրաժեշտութեան շուրջ:


