Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եազպեք. «Ներքին Շինիչ Որեւէ Երկխօսութեան Նկատմամբ Դրական Տրամադրուած Ենք, Եւ Միայն Բանակը Լիբանանը Կը Պաշտպանէ»

March 4, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հզօր հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Ղայաս Եազպեք «Լուպնան Հուր» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Լիբանան չի կրնար մեկուսացուած կամ անջատուած մնալ արաբական մեծ ընտանիքէն, նախ եւ առաջ Սէուտական Արաբիայէն, եւ ահա այստեղ կը կայանայ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի այսօր թագաւորութեան այցելութեան կարեւորութիւնը»:

«Բոլորս կը զօրակցինք Պաղեստինեան դատին, սակայն այս զօրակցութիւնը պէտք չէ որեւէ ձեւով Լիբանանը տկարացնելու կամ քանդելու յանգեցնէ: Այն, ինչ որ մնայուն կերպով կը պահանջենք, Լիբանանը շրջանի տագնապներէն զերծ կացուցելն է, եւ զայն հեռացնելը շրջանային կասկածելի առանցքներէն: Դրական չէզոքութիւնը լաւագոյն լուծումն է», նշեց Եազպեք:

«Սուրիան աւելի կարիքը ունի ապահով ու կայուն Լիբանանի մը քան Լիբանանը` ապահով ու կայուն Սուրիոյ մը, եւ երկու երկիրներու հասարակաց մտահոգութիւնը փակելն է բոլոր դռները, ուրկէ մուտք կը գործեն շրջանային քանդիչ հովերը», նշեց երեսփոխանը:

Անդրադառնալով ներքին քաղաքականութեան` Եազպեք մերժեց այն խօսքը, թէ այս կառավարութեան կեանքը կարճ է, «այլ պէտք է անոր գլխաւոր նպատակը ըլլայ արդիական պետութեան հաստատման հիմը դնել, եւ ասիկա շարունակական հոլովոյթ է հաստատութիւններու աշխատանքը հեզասահ դարձնելու, անիկա չ՛աւարտիր ճշդուած ժամանակով, այսինքն` օրինակ, կառավարութեան մը երթալով եւ մէկ ուրիշին գալով»:

«Մենք որեւէ ժամանակ դրական տրամադրուած ենք ներքին շինիչ որեւէ երկխօսութեան նկատմամբ: Զայն անցեալին մերժեցինք, որովհետեւ կամք պարտադրելու, պայմանաւորուած, ուժի եւ զէնքի սպառնալիքով երկխօսութիւն էր, իսկ այսօր ազգային երկխօսութեան շրջագիծը միայն պետութիւնն է, եւ միայն լիբանանեան բանակը Լիբանանը, անոր գերիշխանութիւնն ու ժողովուրդը կը պաշտպանէ: Լիբանանեան պետութիւնն է, որ իր արտաքին քաղաքականութիւնը կը մշակէ եւ կ՛որոշէ», աւելցուց երեսփոխանը:

«Հըզպալլան ամբողջական ժխտման մէջ կ՛ապրի եւ տակաւին կը փորձէ լիբանանեան պետութեան մկաններ ցոյց տալ, կարծէք վերջերս ոչինչ պատահեցաւ», նշեց Եազպեք եւ Հըզպալլայի համակիր զանգուածին կոչ ուղղեց այսօրուընէ իսկական մասնակցութիւն բերելու նոր անհեթեթ ու քանդիչ պատերազմներու մէջ ներքաշուիլը արգիլելու եւ ամրապնդելու հիմքերը պետութեան ու անոր օրինական հաստատութիւններուն, որոնք զայն ու բոլոր լիբանանցիները կը պաշտպանեն:

«Հըզպալլան կորսնցուց այն բոլոր աղբիւրները, ուրկէ անոր դրամ ու զէնք կու գային, ուստի բաւ է անտեղի եւ ձրի կերպով ինքզինք մտրակել», ըսաւ Եազպեք:

«Լիբանանը կարո՞ղ է յաւելեալ անձնասպանութեամբ, ինքնահրկիզումով, երկրին գլխուն փորձանքներ ու աղէտ բերելով դիմակայել իսրայէլեան արդիական, հսկայական զինուորական մեքենան, որ ուժեղ եւ ուղղակի կերպով աջակցութիւնը կը վայելէ Միացեալ Նահանգներուն», հարց տուաւ երեսփոխանը:

 

Նախորդը

Նախարար Պայրագտարեան Ընդունեց Երեսփոխան Ապի Ռամիան

Յաջորդը

Հաժժար. «Յանձնառու Ենք Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւնները Անոնց Ճշդուած Ժամկէտին` Յառաջիկայ Մայիսին Կատարելու»

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.