Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով շաբաթ, 1 մարտին հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին իր թուրք գործընկեր Հաքան Ֆիտանին տեղեկացուցած է ուքրանական ուժերու կողմէ «Թրքական հոսք» կազի խողովակաշարին վրայ անօդաչու թռչող սարքի յարձակումին մասին: Այս մասին կը հաղորդէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
«Նախարարը լրջօրէն խնդրած է իր թուրք գործընկերէն օգտագործել Անգարայի գոյութիւն ունեցող կարելիութիւնները Քիեւի հետ աշխատելու համար` կանխարգիլելու Քիեւի վարչակարգի` քաղաքացիական ենթակառոյցներու դէմ ահաբեկչական յարձակումներ իրականացնելու նմանատիպ փորձերը, որոնք առաջին անգամը չեն, որ կը կատարուին: Ֆիտան վստահեցուցած է, որ անհրաժեշտ քայլեր պիտի ձեռնարկուին», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը նշէ, որ 24 փետրուարին Անգարայի մէջ տեղի ունեցած ռուս-թրքական բանակցութիւններու զարգացման ընթացքին նախարարները հաստատած են Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ հետագայ համակարգուած աշխատանքի կարեւորութիւնը` ի շահ շրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան պահպանման` Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի համաձայնութիւններուն հիման վրայ:


