Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Ինքնութեան Եւ Հայրենի Պետականութեան Պահպանման Օրակարգի Շուրջ Ձեւաւորել Համահայկական Զօրաշարժ*

March 3, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ

ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր ժողովը կը գումարենք Հայաստանի մէջ, տագնապահար հայութեան եւ վտանգուած հայրենիքի այս բախտորոշ օրերուն: Ակնյայտ է, որ աշխարհաքաղաքական, ռազմաքաղաքական եւ ներազգային խորքային վերափոխումներու ներկայ հանգրուանին Հայաստանը եւ ողջ հայութիւնը կանգնած են ճգնաժամի եւ լրջագոյն մարտահրաւէրներու առջեւ:

Արտաքին ճակատի վրայ Հայաստանը յայտնուած է բարդ ու դժուարին կացութեան մէջ, ուր արտաքին ազդակները լարուած են իր դէմ. Ամերիկեան նոր նախագահի կողմնորոշումներուն եւ շարք մը երկիրներու ամբոխավարական ղեկավարութիւններու իշխանութեան գալու պատճառով սկսած են հիմնայատակ քանդուիլ` համաշխարհային համակարգը, միջազգային օրէնքը եւ անհատի ու հաւաքական իրաւունքներու 20-րդ դարու կէսերուն ամրագրուած հասկացողութիւնը:

Թուրքիա եւ Ազրպէյճան դարձած են ինքնավստահ, ամբարտաւան եւ, ինչպէս միշտ, անզիջող` մեր նկատմամբ. Ռուսիա տակաւին կլանուած է ուքրանական պատերազմով, որ սակայն իր աւարտին կրնայ հասնիլ ուժերու նոր դասաւորումով եւ հնարաւորութիւն ընձեռել Ռուսիոյ՛ իր ուշադրութիւնը կրկին դարձնելու դէպի Հարաւային Կովկաս: Իսկ Իրանը այն իւրայատուկ պետութիւններէն է, որ պատրաստ է գործնապէս աջակցիլ Հայաստանի գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան ապահովման համար. մէկ խօսքով, Հարաւային Կովկասի մէջ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային գերուժերը մեծապէս աշխուժացած են ու մրցակցական հեւքի են դիմած. իրադրութիւն մը, որ մեր հայրենիքը անգամ մը եւս կը դարձնէ միջազգային կռուախնձոր:

Այս արտաքին իրադրութիւնը, սակայն, ոչ մէկ ձեւով կ՛արդարացնէ ՀՀ իշխանութիւններու քաղաքական եւ ներազգային այն ահաւոր բացթողումները, որոնք համազգային տարողութեամբ գոյութենական ներազգային վտանգներ կը յառաջացնեն եւ կը վտանգեն Հայաստանի լինելիութիւնն անգամ: Որեւէ արտաքին խոչընդոտ հնարաւոր չէ յաղթահարել` առանց դիմակայելու ներազգային մարտահրաւէրներուն, որոնք լոկ ներքին խնդիրներ չեն, այլ անոնք վաղուց արտաքին ատաղձ ունին:

Հայութեան եւ Հայաստանի 1990-ականներու յաղթանակները 2020-ի աշունէն ի վեր կը նսեմացուին շարունակական պարտութիւններու եւ զիջումներու շղթայով. արցախեան պատերազմի արհաւիրքը եւ հայաթափումը, ՀՀ արտաքին ձախող քաղաքականութիւնը եւ ներազգային պառակտումը կը հանդիսանան մեր պատմութեան նորագոյն հնգամեակի ՀՀ իշխանութիւններու աղիտալի ձեռքբերումները:

Վերջին երեսնամեակի յաղթական Հայաստանը այսօր աշխարհին կը ներկայանայ որպէս պարտուած ու իր ազգային էութենէն դատարկուած պետութիւն, որուն իշխանութիւնները պատրաստ են թշնամիին շնորհելու շարունակական միակողմանի զիջումներ:

Արցախը, որ պաշտպանողական դարպասն էր նոյնիքն Հայաստանի Հանրապետութեան, այսօր իր բնիկ ժողովուրդէն դատարկուած` զրկուած է պաշտպանելէ մայր հայրենիքի սահմանները, որոնք յարձակումի եւ բռնաբարումի կ՛ենթարկուին թուրք-ազերիական ուժերու կողմէ:

Այսօր, հզօր ու ինքնավստահ հայրենիքի փոխարէն, ՀՀ իշխանութիւնները հայ ժողովուրդին կը մատուցեն գոյութենական սպառնալիքի ենթակայ Հայաստան մը, որուն Անկախութեան հռչակագիրն ու սահմանադրութիւնը թշնամիին պահանջով թուլամորթաբար փոփոխութեան ենթարկելու աշխատանքին է լծուած Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ վարչակարգի ղեկավարը:

Եւ փոխանակ համահայկական կարողականութիւնը համախմբելու այս ճգնաժամային օրերուն` Հայաստանի ներկայ վարչակարգը տակաւին լծուած է հայութեան մէջ սեւի ու սպիտակի բաժանարար գիծեր ստեղծելու, բանակի որակին եւ մարտական ոգիին հարուածելու, ՀՀ-ի մէջ ոստիկանական բռնատիրութիւն հաստատելու, Արցախի Հանրապետութիւնը կազմալուծելու, արցախահայութեան իրաւունքները անտեսելու, Հայաստանի մէջ Արցախի հիմնահարցին դէմ քարոզչութիւն ծաւալելու, ժողովուրդին եւ մանաւանդ երիտասարդութեան մօտ քաղքենիացում, եւ ազգային առումով, անտարբերութիւն սերմանելու, ազգային արժէքները նսեմացնելու, Հայ դատի համաշխարհային պայքարը թերագնահատելու եւ սփիւռքի մէջ հաստատուած կառոյցները քայքայելու սեւ գործին: Այս բազմամակարդակ գրոհին համար ՀՀ իշխանութիւնները լայնօրէն ի գործ կը դնեն խորհրդարանական մեծամասնութեան եւ գործադիր իշխանութեան տրամադրութեան տակ գտնուող պետական բոլոր լծակները: Իրենց համար չեն մնացած` ազգային սրբութիւն, ազգային գերխնդիր, իսկական ժողովրդավարութեան միտում, արդարութեան ձգտում, այլ միայն` ամէն գնով իշխանութիւնը պահելու մտասեւռեռում:

Աւելի՛ն. ներազգային տագնապը յաւելեալ խորացումի տանելով` ներկայ վարչախումբի ղեկավարը յաւելեալ պառակտումի սերմեր ցանեց սփիւռքահայ փոքրաթիւ խումբերու հետ արեւմտեան երկիրներու մէջ կայացած իր հանդիպումներուն ընթացքին. թրքական եւ ազերիական օրակարգին սպասարկող սահմռկեցուցիչ յայտարարութիւններով ան իր սահմանած «իրական» Հայաստանը կրկին հակադրեց պատմական Հայաստանին, արհամարհեց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման համահայկական արշաւը, ոտնահարեց հայկական արժէքներն ու հայութեան անժամանցելի իրաւունքները եւ Հայաստանի փրկութիւնը ներկայացուց բացառաբար արեւմտեան արեւելումի մէջ` անտեսելով տարածաշրջանի ուժերը եւ անոնց հետ համընկնող Հայաստանի շահերը: Ազգային և պետական հիմնարար արժէքները ձեւախեղելու, պատմութիւնն ու պատմական իրողութիւնները վերաքննութեան ենթարկելու ճղճիմ փորձերը ՀՀ ներկայ իշխանութիւններու քաղաքական սնանկութեան վկայութիւնն են եւ թուրք-ազրպէյճանական թեզերու քողարկուած վերարտադրութիւնը:

Ազգակործան անհեթեթութիւն է ազգային եւ պետական գաղափարախօսութիւնները իրարու հակադրելը: Պետութիւնը կը ստեղծուի ազգային գաղափարախօսութիւնը եւ ռազմավարական նպատակադրումները իրականացնելու համար:

Այս բոլորը հայրենի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան մէջ կը յառաջացնեն` հիասթափութիւն, յաւելեալ ընկճուածութիւն, նոյնիսկ Հայաստան-սփիւռք կապերու խզում, ինչ որ անշուշտ անընդունելի երեւոյթ է, բայց նաեւ` դժբախտ իրողութիւն:

ՀՅԴ-ն կը մերժէ որեւէ յուսահատութիւն եւ յանձնուողական տրամադրութիւն, որովհետեւ կը հաւատանք, որ հայութիւնը իր մէջ ունի ուժականութիւնը` պարտութիւններէ յաղթանակ կերտելու եւ իր ազգային արժանապատուութիւնը վերականգնելու: Մեզի համար վերջին կորուստները ժամանակաւոր են, 2020-ի աղէտը պարզապէս ճակատամարտի մը պարտութիւն էր, եւ Հայաստանի թշնամիներուն դէմ աննկուն պայքարը կը շարունակուի բոլոր ճակատներու վրայ: Այս համոզումով է, որ մենք փարած ենք Հայաստանի, Արցախի եւ հայութեան դատի հետապնդման գործին` թէ՛ հայրենի եւ թէ՛ համաշխարհային մակարդակներով:

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, իբրեւ համահայկական ընդգրկում եւ փորձառութիւն ունեցող կազմակերպութիւն, ՀՅԴ-ն կանգնած է ներկազմակերպական ամբողջական զօրաշարժի ու արտակարգ պայմաններու մէջ գործելու անհրաժեշտութեան առջեւ: ՀՅԴ-ն իր առաքելութեանը հաւատարիմ` պարտաւոր է առաւելագոյն ջանք գործադրել ճգնաժամը կասեցնելու համար:

Մեր ռազմավարական նպատակներէն բխող այս հանգրուանի հայրենի հիմնական առաջնահերթութիւնները, ըստ էութեան, հետեւեալներն են.

1) Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան վերականգնում` Անկախութեան հռչակագրի տառին եւ ոգիին համապատասխան,

2) Արցախի ժողովրդի հաւաքական վերադարձի իրաւունքի ապահովում եւ իր սեփական հայրենիքի մէջ ինքնիշխան ու անվտանգ ապրելու իրաւունքը երաշխաւորող պայմաններու ստեղծում:

Առ այդ, Հայաստանի պարագային անհրաժեշտ է

Ա) Հայկական ինքնութեան եւ հայրենի պետականութեան պահպանման օրակարգի շուրջ ձեւաւորել համահայկական զօրաշարժ:

Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ թրքական ժխտողականութեան նպաստելը, Արցախի ժողովուրդի ցեղային զտումները ու հայրենազրկումը անհետեւանք թողնելը` գոյութենական ապառնալիք են հայկական ինքնութեանը եւ Հայաստանի գերիշխանութեանը եւ կը վաւերացնէ ուժի միջոցով հարցեր «լուծելու» նախադէպը:

Բ) Հայոց բանակի եւ հայրենիքի պաշտպանութեան ու անվտանգութեան համակարգերու հրատապ վերակառուցումը համաժողովրդական մասնակցութեամբ եւ առկայ մարտահրաւէրներու հաշուառումով:

Գ) Որդեգրել անվտանգային նոր ճարտարապետութեան ձեւաւորման եւ դիւանագիտական դիրքերու վերականգնման միտող որակապէս այլ բովանդակութիւն ունեցող ինքնավստահ արտաքին քաղաքականութիւն, ինչ որ կ՛ենթադրէ ռազմավարական յարաբերութիւններու հաստատում ընդհանուր աշխարհաքաղաքական նպատակներ հետապնդող այն երկիրներու եւ դաշինքներու հետ, որոնց անմիջական շահերէն կը բխին հայկական կենսունակ պետութեան գոյութիւնն ու գոյատեւումը: Այս մօտեցումով, դադրեցնել պաշտօնական Երեւանի ռուսատեաց տրամադրութիւններու հրահրումը եւ ամրապնդել Ռուսիոյ հետ ռազմավարական դաշնակցային յարաբերութիւնները` փոխադարձ շահերու վրայ հիմնուած. իսկ Իրանի հետ կնքել ռազմաքաղաքական դաշինք եւ սերտ յարաբերութիւններ. Ինչպէս նաեւ` զարգացնել տարածաշրջանէն դուրս այլ ուժային կեդրոններու եւ Արեւմուտքի հետ փոխլրացնող յարաբերութիւնները` առանց որդեգրելու բացարձակ արեւելում բացառաբար այս կամ այն ուժային կեդրոնին հետ: Պետական ռազմավարութիւնը պարտի բխիլ հայկական արեւելումէ միայն:

Դ) Նպաստել Հայաստանի մէջ իրաւ ժողովրդավար, արդար ու հաւասարութեան համակարգի վրայ հիմնուած ընկերութեան ստեղծումին, հեռու` ոստիկանապետական ձգտումներէ եւ օրինախախտումներէ: Անխնայ պայքարիլ ամէն անօրինականութիւններու դէմ: Տալ առաջնահերթութիւն` ընկերա-տնտեսական զարգացման իրաւ հնարաւորութիւններու հաստատման եւ պաշտպանել ժողովրդային ցածր ու միջին խաւի իրաւունքներն ու շահերը:

Ե) արդիականացնել արտադրական միջոցները, միջազգային առեւտուրի անխափան ու օրէնքով համակարգուած հնարաւորութիւնը եւ վերացնել իշխանութեան մօտ շրջանակներու առանձնաշնորհեալ եւ նեպոտութեան սանձարձակութիւնները:

Իսկ Արցախի պարագային`

– Ապահովել արցախցիներու հնարաւորինս համախումբ բնակեցումը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ. ընկերա-իրաւական արդիւնաւէտ քաղաքականութեամբ կանխել անոնց արտագաղթը.

– Շարունակել համահայկական օժանդակութիւններն ու ծրագիրները` հայաստանաբնակ արցախցիներուն կարիքներուն հասնելու համար.

– Ապահովել Արցախի ժողովրդի ընտրութեամբ ձեւաւորած իշխանութեան մարմիններու, ինչպէս նաեւ գիտական եւ կրթա-մշակութային հաստատություններու եւ Արցախի թեմի գործունէութիւնը.

– Բոլոր հարթակներու մէջ բարձրացնել արցախցիներու հաւաքական վերադարձի իրաւունքը` միջանկեալ կարգավիճակով եւ անվտանգութեան միջազգային երաշխիքներով, որոնք կ՛ապահովեն արցախցիներու անխոչընդոտ ինքնակառավարման իրաւունքը, արժանապատիւ կեանքի հնարաւորութիւնը եւ Հայաստանի հետ անխոչընդոտ կապը:

– Շարունակել քօղազերծել Արցախի գրաւումին ու հայաթափումին համար Ազրպէյճանի կատարած բռնարարքը եւ զայն ճանաչել տալ որպէս ցեղասպանութիւն, բռնի տեղահանման եւ էթնիկ զտման փաստերով:

Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան դատավարական ֆարսը Ազրպէյճանի յանցաւոր վարչակարգի հերթական աղաղակող ապօրինութիւնն է եւ հեռահար նպատակներ ունի: Այդ ղեկավարներն առեւանգելու եւ կեղծ մեղադրանքներով դատավարութիւններ բեմադրելու Ազրպէյճանի գործելաոճը չի կրնար անարձագանգ մնալ եւ պէտք է արժանանայ զօրաւոր հակազդեցութեան: Հայաստանի Հանրապետութեան պատկան մարմիններու պարտականութիւնն է այս ուղղութեամբ գործադրել իրաւական, քաղաքական եւ դիւանագիտական բոլոր միջոցները, ինչը ցայսօր չի կատարուիր, այլ կը ցուցաբերուի յանցաւոր անգործութիւն:

Իսկ մենք` իբրեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն, պիտի շարունակենք հետապնդել Արցախի գերեվարուած ռազմաքաղաքական ղեկավարներու եւ այլ գերիներու ազատ արձակման խնդիրը համաշխարհային մակարդակով եւ գործադրելով քաղաքական ու դիւանագիտական բոլոր հնարաւորութիւնները` Ազրպէյճանի վրայ ճնշումը սաստկացնելու համար:

Իսկ Սփիւռքի պարագային`

Ա) Վերացնել ընկճուածութեան, հայրենիքէն օտարացման եւ մեկուսացման ամէն հանգամանք եւ վերակառուցել հայրենիք-սփիւռք կապերը. պայքարիլ ՀՀ իշխանութեան` սփիւռքը պառակտելու ամէն փորձի դէմ: Սատարել այն հասկացողութեան, որ Հայաստան եւ սփիւռք մէկ ամբողջութիւն են:

Բ) Վերաթարմացնել եւ արդիականացնել սփիւռքի կառոյցներն ու բարձրացնել կազմակերպուածութիւնը նուիրեալ զանգուածներուն` անոնց նոր աւիշ ներարկելով եւ յաւելեալ վճռակամութեան մղելով. միաժամանակ պարտինք զգուշ ըլլալ սփիւռքը «վերակառուցելու» կամ «վերակազմակերպելու» այն սին կոչերէն, որոնք կը միտին հիմնայատակ քանդել սփիւռքի ներկայ կառոյցները եւ ասոր կամ անոր շահերուն հպատակեցնելով` անձեւ քաոս ու կամակատար հետեւորդներ ստեղծել:

Սփիւռքեան համահայկական թէ տեղական կազմակերպ կառոյցները աւելի քան հարիւրամեակէ մը ի վեր իրենց ունեցած գործունէութեամբ փաստած են հայանուէր ու հայրենանուէր պատրաստակամութիւն. անշուշտ միշտ կարելի է աւելիին ձգտիլ` առանց սակայն հիմերը խարխլելու. ինչպէս շարունակաբար հաստատած ենք, յանձնառու սփիւռքը կարեւորագոյն գրաւականն է հզօր հարենիքի եւ փոխադարձաբար` ազգային նկարագրով հայրենի պետութիւնը լաւագոյն երաշխիքն է սփիւռքի կենսունակութեան եւ հայկական նկարագրի ամրապնդման:

Գ) Ստեղծել ներգաղթի լուրջ հնարաւորութիւն` պետական մակարդակի մանրամասն ծրագիրով եւ համահայկական նեցուկով. այդ ծրագիրը զուտ զգացական ֆոնով պէտք չէ կառուցուի, այլ հիմնուի որոշակի, յստակ նախաձեռնութիւններու եւ իրապաշտ հաշուարկներու վրայ:

Դ) ՀՀ իշխանութիւններու կողմէ չխոչընդոտել Հայ դատի համաշխարհային պայքարը, որ կը նպատակադրէ` առաւելութիւններ ձեռք ձգել Հայաստանի համար, պաշպտանել արցախահայութեան իրաւունքները, շարունակել Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը եւ հայութեան անժամանցելի իրաւունքներու հետապնդումը, տարբեր երկիրներու մէջ նուիրականացած հայ համայնքներու իրաւունքներու պահպանումն ու խթանումը եւ հայ երիտասարդութեան քաղաքականացումը: Իտէալ պայմաններու մէջ` աշխարհով մէկ տարածուած հայկական մեր լոպիիներն ու Հայաստանը պէտք է գործեն համահունչ, ինչ որ շատ հեռու է այսօրուան իրողութենէն:

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Հակառակ ներքին ու արտաքին դաւադիր ծրագիրներուն` հայութեան արժանապատուութեան եւ լինելիութեան պայքարը պէտք է անխափան շարունակուի: Արդարութեան, արժանապատուութեան եւ հաւասարութեան արժեհամակարգերու վրայ հիմնուած մրցունակ, նոր որակի ազգային պետութեան կառուցումը պէտք է հռչակուի ազգային ռազմավարական նպատակ:

Մեզի համար անկախ պետականութիւնը բացարձակ արժէք է: Սեփական հայրենիքի մէջ հայորդիներու ազատ ապրելու եւ ստեղծագործելու հնարաւորութեան ստեղծումը` անխախտելի իրաւունք: Իսկ աշխարհասփիւռ հայութիւնը հայրենիքով տոգորուած մէկ ազգ ու մէկ դատ հետապնդող անքակտելի եւ անսակարկելի հաւաքականութիւն է:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը պատրաստակամ է համագործակցելու բոլոր անոնց հետ, որոնք կը կիսեն այս մօտեցումները եւ պատրաստ են պայքարելու յանուն արժանապատիւ եւ անվտանգ Հայաստանի ու Արցախի:

Արդ, անգամ մը եւս կոչ կ՛ուղղենք ազգային ուղղուածութիւն ունեցող ուժերուն` միաւորելու իրենց ջանքերը` ՀՀ ապազգային իշխանութիւնները հեռացնելու, հայ ժողովուրդին ու մեր պետականութեանը սպառնացող վտանգները չէզոքացնելու, նոր որակի ազգային իշխանութիւն ձեւաւորելու եւ համահայկական կարողականութեամբ արժանապատիւ, կայուն եւ ուժեղ Հայաստան կերտելու համար:

Միաժամանակ շարունակելու ենք` վերաթարմացնել սփիւռքեան կառոյցները, զանոնք դարձնել առաւել նպատակասլաց եւ աշխուժ, վերացնել սփիւռքահայութիւնը հայրենիքէն օտարացնելու որեւէ փորձ եւ նպաստել Հայաստան-սփիւռք կամուրջներու վերահաստատման, որովհետեւ քաջ կը գիտակցինք, որ յանձնառու սփիւռքը լաւագոյն գրաւականներէն է հզօր, ապահով եւ զարգացող հայրենիքի:

 

*Խօսք` արտասանուած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 35-րդ Ընդհանուր ժողովի պաշտօնական բացումին, Երեւան, 26 փետրուար 2025:

Նախորդը

Դաշնակցութիւնը Ազգային, Պետականամէտ, Արժանապատուութիւն Ունեցող Բոլոր Ուժերի Եւ Անհատների Ընկերն Ու Վահանն Է *

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն Ճեմարանը` 95 Տարեկան.

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.