Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայրապետական Պատգամը` Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 35-րդ Ընդհանուր Ժողովին. Երեւան, 26 փետրուար 2025

March 3, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ ազգային վառ ապրումներով կ՛ողջունենք ձեզ:

Դարձեալ հաւաքուած էք, իբրեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան աշխարհատարած կառոյցներու ու միաւորներու ներկայացուցիչներ, համապարփակ կերպով վերաքննութեան ու վերարժեւորումի ենթարկելու կուսակցութեան վերջին շրջանի գործունէութիւնը իր այլազան երեսներով, եւ ապա ճշդելու յառաջիկայ շրջանի գործունէութեան ընդհանուր ուղեգիծը:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը վերջին 134 տարիներուն, իր ծննդոցէն մինչեւ ներկայ ժամանակները, Հայաստանէն մինչեւ Արցախ եւ սփիւռքի տարածքին, մեր ազգի հաւաքական կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ առանցքային ներկայութիւն դարձած է ու ճշդորոշիչ դեր է ունեցած`  իր ողջ կեանքն ու գործունէութիւնը սերտօրէն շաղախելով մեր գերագոյն արժէքներուն, իղձերուն ու տեսլականներուն հետ:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ինքզինք սովորական քաղաքական կուսակցութիւն չէ ըմբռնած երբեք, այլ էապէս ազգային առաքելութիւն, համազգային մաշտապով ու ամբողջանուէր ծառայութեամբ կենսագործուող: Դաշնակցութիւնը կեանքի ամէնէն դաժան պայմաններուն մէջ երբեք չէ նահանջած իր գերագոյն սկզբունքներէն ու իտէալներէն, նոյնիսկ երբ հալածանքի է ենթարկուած օսմանեան թէ սովետական կայսրութիւններուն կողմէ: Այսօր, մեր պատմութեան ամէնէն ճակատագրական ժամանակներուն, ան կոչուած է վերանորոգ յանձնառութեամբ մնալու հաւատարիմ Դաշնակցութեան ոգիին ու կամքին, հաւատքին ու տեսլականին:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ներկայ 35-րդ Ընդհանուր ժողովը  կը գումարուի մեր ազգի ու հայրենիքի պատմութեան ամէնէն վճռադրոշմ փուլին: Խորապէս մտահոգիչ է Հայաստանին, Արցախին ու սփիւռքին պարզած ներկայ վիճակը: Աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմանները ի նպաստ չեն մեզի. ահաւոր տագնապներով շրջապատուած ենք: Տագնապներ, ներքին թէ արտաքին, որոնք կրնան ինքնամաշումի ու ինքնաքանդումի առաջնորդել Հայաստանը եւ Սփիւռքը: Փաստօրէն, կը գտնուինք անդունդի եզրին: Ժամանակի նշանները ճիշդ տեսնենք ու արժեւորենք եւ  համապատասխան դիրքորոշումներ որդեգրենք` հեռու ամէն տեսակ անիրատես մօտեցումներէ ու մակերեսային դատումներէ:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եւ մենք` անձնապէս, Հայաստանը, Արցախը, սփիւռքը յուզող խնդիրներուն նկատմամբ մեր տեսակէտը յստակօրէն եւ հետեւողական կերպով պարզած ենք` միշտ մեկնելով մեր հայրենիքին ու ազգին ընդհանրական ու գերագոյն շահերէն: Եկեղեցին չի կրնար անտարբեր մնալ, կրաւորական ու հետեւողի դերին մէջ ըլլալ, երբ մանաւանդ մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքները կը նահանջեն, երբ ներքին ճեղքեր մեր ազգին միասնականութիւնը կը խախտեն, երբ ժամանակաւոր ու խաբուսիկ խաղաղութեան դիմաց զիջումի քաղաքականութիւնը կը վտանգէ Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը, երբ մեր ազգին միութեան ու յաւերժութեան, հաւատքին ու իտէալներու խորհրդանիշերը կը խաթարուին: Եկեղեցւոյ կողքին` մեր մտաւորականութիւնը, մեր քաղաքական, կուսակցական, մշակութային ու կրթական կառոյցները, մեր ժողովուրդի զաւակները իրաւունք չունին լուռ ու անտարբեր մնալու, անոնք ըսելիք ու ընելիք ունին:

Մեզ շրջապատող ներկայ տագնապներուն դիմաց, ինչպէս յաճախ շեշտած ենք, ազգային ուժերու համախմբումը կը նկատենք հրամայական ու անյետաձգելի: Հայրենիքի փրկութիւնը իւրաքանչիւր հայու եւ ամբողջ հայութեան տագնապն է ու միաժամանակ յանձնառութիւնը: Այս խոր գիտակցութեամբ ու պատասխանատուութեամբ հարկ է գործել:

Մեր սպասումն է, որ կուսակցութեան ներկայ Ընդհանուր ժողովը սովորական ժողով մը չդառնայ, այլ յառաջատեսիլ ու նպատակասլաց ոգիով ՀՅԴ-ի համազգային առաքելութեան ու ծառայութեան մէջ նոր էջ բացող, ռազմավարական ու մարտավարական նոր մօտեցումներ ճշդող անկիւնադարձ մը` ի խնդիր Հայաստանի հողային ամբողջականութեան ամուր պահպանման, Արցախի ժողովուրդի վերադարձի ու անոր ինքնիշխանութեան իրաւունքի վերականգնման եւ մեր ազգի բռնաբարուած իրաւունքներու հետապնդման: Արդարեւ, սրբազան արժէքներ ու վեհ նպատակներ, որոնց ամուր պահպանման համար մեր ժողովուրդի զաւակները քրտինք ու արիւն են թափած:

Թող Աստուած օրհնէ ու պահպանէ մեր հայրենիքը ու ազգը` հեռու պահելով ամէն տեսակ չարերէ ու չարիքներէ:

Անթիլիաս
25 փետրուար 2025

Նախորդը

Նոր Սահմանադրութեան Դէմ Քուէարկելը Փաշինեանէն Ձերբազատելու Լաւագոյն Միջոց Է

Յաջորդը

Դաշնակցութիւնը Ազգային, Պետականամէտ, Արժանապատուութիւն Ունեցող Բոլոր Ուժերի Եւ Անհատների Ընկերն Ու Վահանն Է *

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.