Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանն ու Իլհամ Ալիեւը ունեցած են հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային ու համաշխարհային հարցեր: Այս մասին կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները: