Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի ուրբաթ օր Ուաշինկթըն պիտի այցելէ` ստորագրելու համար յարգի մետաղներու համաձայնութիւնը:
«Զելենսքի կ՛ուզէ Ուաշինկթըն գալ` ստորագրելու համար յարգի մետաղներու համաձայնութիւն մը: Կը լսեմ, թէ ան Ուաշինկթըն պիտի այցելէ ուրբաթ օր», յայտնեց Թրամփ:
«Ուքրանիոյ հետ մետաղներու համաձայնութեան արժէքը կրնայ հասնիլ եռիլիոն տոլարի: Ուքրանիոյ մէջ 350 միլիառ տոլար ծախսեցինք, եւ կ՛ուզենք այդ գումարը ետ ստանալ», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը:
Ուքրանացի պաշտօնատար մը երեքշաբթի օր ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած էր, թէ իր երկիրը համաձայնած է Միացեալ Նահանգներու հետ մետաղներու համաձայնութեան կէտերուն:
«Կառավարութեան պաշտօնատարները այժմ աշխատանք կը տանին մանրամասնութիւններուն վրայ», նշած էր պաշտօնատարը` աւելցնելով. «Ներկայիս, կը սպասենք համաձայնութեան ստորագրման համար ուրբաթ օր Ուաշինկթըն այցելութեան»:
Բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիոյ մէջ յարգի մետաղներու շահերուն 50 առ հարիւրը պիտի ստանայ` աւելցնելով. «Քիեւի եւ Ուաշինկթընի միջեւ յարգի մետաղներու համաձայնութիւնը նաեւ կը ներառէ քարիւղն ու կազը»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը այն կարծիքը յայտնեց, թէ «Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի խնդիրը արագօրէն պիտի լուծուի»` աւելցնելով. «Ուքրանիոյ զէնքերու մատակարարումը կրնայ շարունակուիլ մինչեւ խաղաղութեան համաձայնութեան կնքումը»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ անհրաժեշտ կը նկատէ Ուքրանիոյ մէջ խաղաղապահ ուժեր տեղակայելը: Միեւնոյն ժամանակ, ըստ Թրամփի, այդ ուժերը պէտք է տեղակայուին այնպիսի ձեւով, որ ընդունելի պիտի ըլլայ տագնապի բոլոր կողմերուն համար:
«Մեզի խաղաղապահներ պէտք են… բոլորին համար ընդունելի ձեւով», ըսաւ Թրամփ:
Անոր համաձայն, ապագային Ուքրանիոյ օգնութիւն տրամադրելու պատասխանատուութիւնը պէտք է կրէ Եւրոպան եւ ոչ թէ Միացեալ Նահանգները:
«Կը կարծեմ, որ ընդհանուր առմամբ ատոր համար պատասխանատուութիւնը պիտի կրէ Եւրոպան», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը:


