Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

February 26, 2025
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

2 դեկտեմբեր 1920-ին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան իշխանութիւնները պարտաւորուեցան երկիրը յանձնել պոլշեւիկներուն` հիմնականօրէն պարտուած դուրս գալով քեմալական Թուրքիոյ դէմ մղուած պատերազմէն, ինչպէս նաեւ` հայ համայնավարներու ապազգային եւ հակապետական տրամադրութիւններուն իբրեւ հետեւանք: Այսպիսով վերջ գտաւ առաջին անկախութիւնը:

Բնականաբար համայնավար վարչակարգի վարքագիծը արագօրէն յստակացաւ, ան երկիրը վերածեց մնայուն հալածանքի, ձերբակալութիւններու եւ քաղաքական կամ ոչ քաղաքական սպանութիւններու վայր: 13-18 փետրուար 1921-ին հանգրուանային կերպով եւ Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէին գլխաւորութեամբ, սկիզբ առաւ Փետրուարեան ապստամբութիւնը, որ կարճ ժամանակ յաջողեցաւ վերապարտադրել Հայաստանի անկախութիւնը եւ պոլշեւիկ վարչակարգը տապալել: 2 ապրիլ 1921-ին վերջ գտած ապստամբութեան շնորհիւ, բանտերէն ազատեցան դաշնակցական եւ ազգային գործիչներ, ու Սիւնիքը մնաց Հայաստանի գերիշխանութեան տակ, մինչ սկզբնական ծրագիրը կը միտէր զայն յանձնել Ազրպէյճանին:

Հետեւաբար այսօր եթէ Սիւնիքը կայ, եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը տակաւին որոշակի ապահովութիւն ունի, այդ կը պարտինք Փետրուարեան ապստամբութիւնը իրականացուցած հերոսներուն:

Սակայն Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները` գլխաւորութեամբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, իրենց խայտառակ քաղաքականութեամբ կը հարուածեն 5000 տարուան պատմութիւն ունեցող ժողովուրդի մը բոլոր սկզբունքները եւ արժէքները: Վարչապետ Փաշինեան պէտք է հասկնայ, որ իր ստացած քուէները իրականութեան մէջ իրաւունք չեն տար իր վարչակազմին` ջնջելու Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը, հրաժարելու անոր ճանաչումը ապահովելու գործընթացէն եւ հայրենիքը ամբողջովին տանելու Անգարայի գիրկը:

1921-ին Հայաստան կը գտնուէր թրքական սալին եւ ռուսական մուրճին միջեւ: Այսօր այս երկու կողմերուն միացումով ներքին թշնամի` Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութիւնը:

ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը կը նախընտրէ ըլլալ ապստամբ ձայն, քան` լռակեաց ստրուկ: Կը նախըտրէ ըլլալ իր հանգիստը, հաճոյքը, վայելքը եւ քունը զիջող երիտասարդներու համախմբում, քան` արեւմտեան ապազգային փառքերու համար հայրենիքը վաճառող աննկարագիր հաւաքականութիւն: Կը նախընտրէ ըլլալ ՀՅԴ-ի յեղափոխական եւ ազգային գաղափարները տարածող բանակ, քան` թրքամէտ գաղափարներու եւ կեցուածքներու բանբեր:

Այլ խօսքով, դաշնակցական երիտասարդութիւնը Փետրուարեան ապստամութեան ոգիով զինուած` կը հաստատէ, որ Արցախի հարցը մոռացութեան պիտի չմատնենք, Սիւնիքը ամէն գնով պիտի պաշտպանենք, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն պիտի չզիջինք եւ, վերջապէս, Արարատը եւ Շուշին հայութեան վերադարձնելու նպատակէն պիտի չհրաժարինք:

Գարեգին Նժդեհ կ՛ըսէ. «Անհնար է միաժամանակ ըլլալ վատ մարդ, բայց` լաւ հայ, անհնար է միաժամանակ ըլլալ անկատար մարդ, բայց` կատարեալ հայ»:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

Հիմի՞ Էլ Լռենք

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Մինեսոթա Պատմական Յաղթանակ Տարաւ Օքլահոմայի Մէջ

RelatedPosts

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»`   Աշակերտներուն Գրիչով
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»` Աշակերտներուն Գրիչով

December 29, 2025
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

December 22, 2025
Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը

December 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.