Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաքրոնի Հետ Հեռաձայնային Զրոյցի Ընթացքին. Էրտողան. «Թուրքիան Կը Շարունակէ Ուքրանիոյ Պատերազմին Վերջ Տալու Ջանքերը, Եւ Դէմ Է Պաղեստինցիներու Տեղահանման»

February 25, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահական պալատի հաղորդակցութիւններու գրասենեակը յայտարարեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են Կազայի եւ Ուքրանիոյ մէջ արձանագրուող զարգացումները:

Էրտողան յայտնած է. «Թուրքիան կը շարունակէ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ պատերազմին վերջ տալու եւ արդար ու տեւական խաղաղութիւն ապահովելու իր ջանքերը»:

«Նախագահը նշեց, որ Թուրքիան` իբրեւ հակամարտող կողմերը քանի մը անգամ բանակցութեան սեղանի շուրջ հաւաքելու կարողութիւնը ունեցած պետութիւն, կրնայ նպաստել խաղաղութեան բանակցութիւններուն, ներառեալ զանոնք հիւրընկալելով: Ան շեշտեց կարեւորութիւնը սկսելու բանակցութեան հոլովոյթ մը, որ չի բացառեր հակամարտութեան կողմերէն որեւէ մէկը», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

Էրտողան իր ֆրանսացի պաշտօնակիցին յայտնած է, որ իր երկիրը կը մերժէ պաղեստինցիները Կազայէն Յորդանան, Եգիպտոս կամ որեւէ այլ երրորդ երկիր տեղահանելու ծրագիրը:

«Երկու նախագահները քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ կարեւորագոյն շրջանային ու միջազգային հարցերը եւ համաձայնեցան յառաջիկայ փուլին երկու երկիրներուն միջեւ համակարգումը աւելցնելու», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

Գերմանիոյ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Յաղթանակ Արձանագրելէ Ետք. Մերց. «Իմ Քաղաքականութեանս Առաջնահերթութիւնը Պիտի Ըլլայ Ուաշինկթընէն Անկախացումը»

Յաջորդը

Եւրոպական Միութիւնը Առկախեց Սուրիոյ Հաղորդակցութիւններու, Ուժանիւթի Եւ Դրամատուներու Մարզերուն Ոլորտներուն Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.