Հարիւր հազարաւորներ երէկ հաւաքուեցան Պէյրութի «Քամիլ Շամուն» մարզական աւանին մէջ եւ մերձակայքը` մասնակցելու համար Հըզպալլայի նախկին ընդհանուր քարտուղարներ սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի յուղարկաւորութեան:
Յուղարկաւորութեան մասնակցող լիբանանցի անձնաւորութիւններու շարքին էին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, որ նաեւ կը ներկայացնէր հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունը, աշխատանքի նախարար Մոհամետ Հայտարը, որ կը ներկայացնէր վարչապետ Նաուաֆ Սալամը, Մարատա հոսանքի նախագահ Սլէյման Ֆրենժիէն, նախկին նախագահ Էմիլ Լահուտը, Լիբանանի մէջ Պաաս կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ալի Հիժազին, Ղովմի կուսակցութեան թեւերէն մէկուն ղեկավար Ասաատ Հարտանը եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութենէն պատուիրակութիւն մը:
Յուղարկաւորութեան մասնակցութեան համար երէկ Պէյրութի միջազգային օդակայան հասան Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ եւ արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի` ընկերակցութեամբ բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը, որուն մաս կը կազմէին Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» զօրամասի հրամանատար Իսմայիլ Քաանին եւ Իրանի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական սէյիտ Մուհսեն Ռիտային:
«Լեպանոն Ֆայլզ» հաղորդեց, որ յուղարկաւորութեան մասնակցած է իրաքեան մեծ պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին քաղաքական, կրօնական, տեղեկատուական եւ ժողովրդային անձնաւորութիւններ: Յուղարկաւորութեան կը մասնակցէին նաեւ Եմէնէն, Աւստրալիայէն, Պրազիլէն, Թուրքիայէն եւ Թունուզէն պատուիրակութիւններ:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ այս առիթով տեսաուղերձի ճամբով իր արտասանած խօսքին մէջ սէյիտ Նասրալլայի կենսագրութիւնը ներկայացնելէ ետք յայտնեց. «Վերականգնեցինք մեր կազմակերպուածութիւնը, եւ մեր հերոս մարտիկները սահմանին վրայ տոկացին, 75 հազար իսրայէլացի զինուորներ չկրցան Դիմադրութեան հետ ճակատելու համար յառաջ ընթանալ»` աւելցնելով, որ ներկայ հոծ բազմութիւնը Պաղեստինի եւ իրաւունքի շուրջ ազգային ու մարդասիրական միասնութեան արտայայտութիւն է:
«Զինադադարին համաձայն գտնուեցանք քաղաքական ու մարտական հորիզոններու չգոյութեան լոյսին տակ, եւ այսօր տարբեր փուլի մէջ ենք, որուն գործիքներն ու գործելաոճը տարբեր է: Մենք որոշեցինք, որ թշնամիին նպատակներուն իրագործումը արգիլելէ ետք պետութիւնը ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնը: Մենք յարգեցինք, սակայն Իսրայէլ չյարգեց: Մենք խախտում չկատարեցինք, որպէսզի անոր հաւասար չդասուինք, եւ այսօր համաձայնութեան պայմանաժամի աւարտէն ետք բռնագրաւումի եւ յարձակումի շարունակման առջեւ կանգնած ենք: Լիբանանի մէջ ռմբակոծումը յարձակում է, եւ Իսրայէլ չի կրնար իր յարձակումը շարունակել: Իմացէ՛ք, թէ Դիմադրութիւնը ներկայ է, եւ թիւով, զէնքերով ու ժողովրդային առումով հզօր: Մենք կը հաւատանք, թէ վերջնական յաղթանակը իբրեւ բացարձակ յաղթանակ անխուսափելի է, բայց կ՛ուշանայ, որովհետեւ դիմակայողները փոքրաթիւ են, եւ եթէ բոլորը դիմակայէին, կացութիւնը կը փոխուէր», ըսաւ շէյխ Քասեմ:
«Դիմադրութիւնը մեր ընտրանքն է, այնքան ատեն, որ բռնագրաւումն ու անոր վտանգը գոյութիւն ունի, եւ պիտի հետեւինք բռնագրաւումը դիւանագիտական ճամբով վտարելու պետութեան աշխատանքին, եւ ատոր արդիւնքներուն վրայ պիտի յենինք, եւ կը քննարկենք պաշտպանական ռազմավարութիւնը», յայտնեց ան` աւելցնելով. «Դիմադրութեան շարունակումը չի նշանակեր, թէ ամէն օր պիտի կրակենք, այլ պիտի հակադարձենք մեր ընտրանքով»:
«Կ՛ողջունենք գերիները եւ անոնց կ՛ըսենք` ձեզ սիոնականներուն մօտ պիտի չձգենք, եւ գերիները պէտք է ազատ արձակուին», շեշտեց շէյխ Քասեմ:
«Պիտի մասնակցինք հզօր պետութեան կառուցման` Թաէֆի համաձայնագիրին հիմամբ, եւ մեզի համար Լիբանանը իր բոլոր զաւակներուն վերջնական հայրենիքն է, եւ մենք անոր զաւակներն ենք», նշեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը:
«Մենք Ամալ շարժումին հետ դաշնակից ենք, դաշինքի մը մէջ, որ արիւնով մկրտուած է, ուստի մի՛ մտածէք «մեր միջեւ մխրճուելու» մասին, մենք քաղաքականութեան ու ընտրանքներուն մէջ մէկ ենք», ըսաւ ան:
«Վերաշինութիւնը լիբանանեան պետութեան հիմնական պատասխանատուութիւնն է, եւ ատոր մէջ պիտի օգնենք անոր», յայտնեց Նայիմ Քասեմ:
Պէյրութի Մարզական աւանին մէջ յուղարկաւորութեան ընթացքին իսրայէլեան օդանաւեր երկու առիթով ցած բարձրութեան վրայ թռիչքներ կատարեցին Պէյրութի վերեւ` յուղարկաւորութեան մասնակիցներուն կողմէ արժանանալով բուռն հակազդեցութեան:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց մեկնաբանելով դէպքը յայտարարեց. «Իսրայէլեան օդուժի օդանաւերը, որոնք ներկայիս Հըզպալլայի նախկին ընդհանուր քարտուղար Հասան Նասրալլայի յուղարկաւորութեան ընթացքին Պէյրութի վերեւ թռիչք կը կատարեն, կը փոխանցեն յստակ պատգամ մը` ան, որ Իսրայէլը քանդել կը սպառնայ եւ Իսրայէլի դէմ յարձակում կը գործէ, անոր վերջը այս է: Յուղարկաւորութիւններու մէջ պիտի մասնագիտանաք, իսկ մենք` յաղթանակներու մէջ»:
Միւս կողմէ, Պաղտատի մէջ հազարաւորներ մասնակցեցան Հըզպալլայի նախկին ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի խորհրդանշական յուղարկաւորութեան:
Անոնք Պաղեստինի, Լիբանանի եւ Հըզպալլայի դրօշները բարձրացուցած քայլարշաւ կատարեցին Պաղտատի հիւսիսային շրջանին մէջ գտնուող Քազիմիէի մերձակայքին մէջ:
Իրաքի մէջ սէյիտ Նասրալլայի խորհրդանշական այլ յուղարկաւորութիւններ տեղի ունեցան նաեւ Քարպալայի, Նաժաֆի, Պասրայի եւ Տիուանիէի մէջ:


