Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Եկեղեցւոյ Երեք Սպասաւորներու Եպիսկոպոսական Ձեռնադրութիւնն Ու Օծումը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

February 24, 2025
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 23 փետրուար 2025-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը մատուցեց սուրբ եւ անմահ պատարագ եւ կատարեց եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնն ու օծումը հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ուխտեալ միաբանութեան երիտասարդ անդամներէն Սահակ ծ. վրդ. Եմիշեանի, Պետրոս ծ. վրդ. Մանուէլեանի եւ Տաճատ ծ. վրդ. Աշըգեանի:

Հայրապետական շքեղ թափօրը, եկեղեցւոյ սրտագրաւ ղօղանջներուն ներքեւ, վեհարանէն սկիզբ առնելով` ուղղուեցաւ մայր տաճար: Թափօրին մաս կը կազմէին հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական բոլոր կարգերը եւ ընծայեալներու թեմերու ժողովուրդի ներկայացուցիչները, վեհափառ հայրապետին առընթերակայ եպիսկոպոսները` Մեսրոպ արք. Սարգիսեան ու Թորգոմ արք. Տօնոյեան, ինչպէս նաեւ խարտաւիլակ հայր սուրբը` Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեան եւ հայրապետական ամպհովանին կրելու պատիւը ունեցած Պերճ Աբգարեան, Թագւոր Յովակիմեան, Ռազմիկ Գարակիւլեան եւ Արսէն Գալֆայեան:

Եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան ու օծման արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար ու Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի անդամ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, հիւր հոգեւորականներ, ընծայեալներու ընտանիքներ, ազգականներ, բարեկամներ եւ հաւատացեալներ:

Արարողութեան բոլոր աղօթքները կը խնդրէին Ամենակալէն, որ Իր օրհնութիւնը անպակաս ընէ նորընծայ եպիսկոպոսներուն վրայէն, որպէսզի կարողանան իրենց վստահուած Աստուծոյ ժողովուրդը հովուել եւ դէպի բարին ու ճշմարիտը առաջնորդել:

Յուզիչ էր այն պահը, երբ խարտաւիլակ հայր սուրբը սրբալոյս միւռոնը բերելով սուրբ խորան` յանձնեց վեհափառ հայրապետին, եւ ան, իր կարգին, օծեց ճակատն ու աջ ձեռքին բթամատը Սահակ եպիսկոպոսին, Պետրոս եպիսկոպոսին եւ Տաճատ եպիսկոպոսին: Ապա, վեհափառ հայրապետը անոնց շնորհեց եպիսկոպոսական գաւազան ու մատանի` աղօթելով. «մեր Տիրոջ` Յիսուսի Քրիստոսի Հայրը, որ Իր կամքով ձեզ եպիսկոպոսական պատիւին բարձրացուց, Իր կարողութեամբ ահա ձեզ կը կնքէ այս սուրբ օծումով եւ առատապէս կը լեցնէ հոգեւոր օրհնութեամբ»:

Ձեռնադրութեան ու օծման արարողութեան աւարտին վեհափառ հայրապետը տուաւ իր հայրապետական պատգամը: ««Ուրախ լեր, եկեղեցի Քրիստոսի», որովհետեւ այսօր քրիստոսատուր առաքելութեան կու գան միանալու երեք զինուորագրեալ եպիսկոպոսներ, Քրիստոսի կողմէ մեզի տրուած առաքելութիւնը իրենց կեանքով ու մանաւանդ ծառայութեամբ իրագործելու» սկսաւ իր քարոզը Արամ Ա. կաթողիկոս: Ան դիտել տուաւ, որ Քրիստոսի հիմնած եկեղեցին մեր հասկացողութեամբ քարեղէն կառոյցը չէ, այլ իր էութեամբ առաքելութիւն է, որ ժողովուրդի կեանքին մէջ կ՛իրագործուի հոգեւորականներու միջոցով: «Հոգեւորականն է, որ քրիստոսակեդրոն ու քրիստոսանպատակ առաքելութիւնը կոչուած է ժողովուրդի կեանքին մէջ կեանքի՛ վերածելու», եւ ընդգծեց, որ այս առաքելութեան երեք հիմնական տարրերն են վկայութիւնը, աւետարանչութիւնը եւ դաստիարակութիւնը: Վկայութիւն` Քրիստոսն է աշխարհի միակ Փրկիչը. աւետարանչութիւն` Աւետարանի արժէքները աւետել աշխարհին, եւ դաստիարակութիւն` Աւետարանի արժէքներով քրիստոնեան կերտել մարդուն մէջ: «Ահաւասիկ, այս սկզբունքներէն մեկնած, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Սուրբ աթոռին միաբանութեան պատկանող երեք հոգեւորականներ այսօր անգամ մը եւս ուխտեցին վերանորոգ ոգիով ու նուիրումով ծառայելու Աստուծոյ, մեր եկեղեցւոյ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ մեր ժողովուրդին», ըսաւ վեհափառ հայրապետը:

Ապա, խօսքը ուղղելով նորընծայ եպիսկոպոսներուն, վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Այո, այսօր դուք դարձաք մեր եկեղեցւոյ իշխանները, սակայն չշփոթէք այս իշխանութիւնը աշխարհի արքունի աստիճաններու հետ: Դուք պէտք է ըլլաք եկեղեցւոյ ճշմարի՛տ իշխանները, այլ խօսքով` անոր սպասաւորները եւ մեր ժողովուրդին ծառաները` հետեւելով մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի օրինակին: Հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, իր միաբանութեամբ, այսպէս ըմբռնած է ու կ՛ըմբռնէ ընդհանրապէս հայ հոգեւորականին եւ մանաւանդ եպիսկոպոսին դերը: Իշխա՛ն, այո՛, սակայն իշխանաբա՛ր ծառայելու, ինչպէս Քրիստոս Ի՛նք ծառայեց», շեշտեց վեհափառ հայրապետը: «Իմ սպասումս է, որ մեր երեք նորընծայ եպիսկոպոսները այս գիտակցութեամբ ու նուիրումով, իրենց դիմաց ունենալով իշխաններու Իշխանը ու ծառաներու Ծառան` Քրիստոսը, եւ լսելով Անոր պատգամը, երթան իրենց վստահուած ծառայական դաշտ եւ Աւետարանի սկզբունքներով, արժէքներով ու ճշմարտութիւններով ծառայեն Աստուծոյ, ծառայեն մեր ժողովուրդին եւ ծառայեն մեր հայրենիքին: Ահաւասիկ հոգեւորականներուս կոչումը. ահաւասիկ մեր եկեղեցւոյ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան սրբազան կոչումը», եզրափակեց իր պատգամը:

«Ողջոյն»-ի պահուն, վեհափառ հայրապետն ու միաբան հայրերը նորաօծ եպիսկոպոսներուն միւռոնադրոշմ ճակատն ու ձեռքերը համբուրելով` շնորհաւորեցին զանոնք եւ արդիւնաբեր ու պտղալի ծառայութիւն մաղթեցին:

Ապա, տեղի ունեցաւ նորաօծ եպիսկոպոսներուն ճակատի ու ձեռքի լուացումը: Սահակ եպիսկոպոսին ճակատն ու ձեռքը լուաց կնքահայր Արսէն եւ Վերոնիք Գալֆայեան. Պետրոս եպիսկոպոսին` կնքահայր Ռազմիկ Գարակիւլեան, իսկ Տաճատ եպիսկոպոսին` Պերճ եւ Արփի Աբգարեան:

Աւարտին, նորընծայ եպիսկոպոսները հաւատացեալ ժողովուրդէն շնորհաւորութիւններ ընդունեցին եկեղեցւոյ դասուն մէջ` մայր տաճարի սուրբ խորանին առջեւ:

Նախորդը

Կոչ Զօրակցութեան

Յաջորդը

Մուսա. «Աունին Ու Սալամին Կատարուած Այցելութիւնները Լիբանանի Նկատմամբ Արաբական Պետութիւններու Հաւաքական Աջակցութեան Պատգամ Կը Պարունակեն»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.