Քրեմլին երէկ յայտնեց, որ «ամբողջովին համաձայն» է Ուքրանիոյ մէջ տագնապին վերջ տալու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի դիրքորոշումին:
Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց. «Կարելի եղածին չափ շուտ խաղաղութեան հաստատման եւ այդ բանակցութիւններու ճամբով կատարելու անհրաժեշտութեան մասին կը խօսինք: Նաեւ նկատեցինք, որ այդ դիրքորոշումը մեզի աւելի յարմար է, քան նախկին վարչակազմին դիրքորոշումը, եւ մենք ամբողջովին համաձայն ենք ամերիկեան ներկայ վարչակազմին հետ»:
«Որոշում տրուեցաւ բոլոր ոլորտներուն մէջ ռուս-ամերիկեան երկխօսութիւնը շարունակելու», ըսաւ Փեսքով:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նախագահական օդանաւին վրայ լրագրողներու յայտնեց. «Կը կարծեմ, որ ռուսերը կ՛ուզեն, որ պատերազմը վերջ գտնէ, սակայն կը կարծեմ, որ անոնք որոշ չափով ուժի դիրքի վրայ են, որովհետեւ բազմաթիւ հողեր իրենց վերահսկողութեան տակ առին, ուստի անոնք ուժի դիրքի վրայ են»:
Թրամփ նախապէս զգուշացուցած էր Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին, թէ «անոր համար աւելի լաւ է արագ շարժիլ» պատերազմը դադրեցնելու համար բանակցելու, այլապէս իշխելու երկիր չունենալու վտանգը կը դիմագրաւէ:
Թրամփ Զելենսքին «առանց ընտրութեան բռնատէր» կոչած էր` հակադարձելով վերջինիս իր հասցէին կատարած քննադատութիւններուն:
Եւրոպական Միութեան բանբեր Սթեֆան Տէ Քիրսմայխըր հակադարձելով Թրամփին նշեց. «Ուքրանիան ժողովրդավարական է, Փութինի նախագահութեամբ Ռուսիան այդպէս չէ»:


