Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Օլ Սթարզ» Շաբաթավերջ. Մաքլանկ 3-րդ Անգամ Ըլլալով Տանքի Ախոյեան, Հերրօ` 3 Կէտի Ախոյեան

February 17, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մաք Մաքլանկ յաջորդական երրորդ տարին ըլլալով շահեցաւ սլեմ տանքի մրցումներու տիտղոսը` «Օլ Սթարզ»-ի շաբաթավերջի շաբաթ գիշերուան մրցումներուն, մինչ 3 կէտնոց հարուածներու մրցումներուն, Միլուոքի Պաքսի մարզիկ Տեմիըն Լիլըրտ ձախողեցաւ յաջորդական երրորդ տիտղոսը շահիլ` զիջելով Մայեմիի մարզիկ Թայլըր Հերտոյին:

Օրլանտօ Մեճիքի պահեստի խումբի (Ճի. Լիկ) անդամ Մաքլանկ ինքնաշարժի մը, ինչպէս նաեւ 3 անձերու վրայէն ցատկելով գնդակը զետեղեց կողովին մէջ, իսկ աւարտականին բարձրահասակ անձի մը գլխուն վրայէն ցատկելով առաւ գնդակը եւ օղակին դպցնելով զայն զետեղեց կողովին մէջ` ստանալով ամբողջական 50 կէտ:

Ան հաւասարեցաւ Նէյթ Ռոպինսընի 3 տիտղոսներուն` դառնալով միակ մարզիկը, որ (Նէյթի նման) 3 տարիներ շահած է այս մրցումը, որ սկսած էր 1984-ին:

Միակ տարբերութիւնը Նէյթ Ռոպինսընի եւ Մաք Մաքլանկի միջեւ այն է, որ Մաքլանկ յաջորդական տարիներու շահեցաւ, մինչ Նէյթ 2006-ին, 2009-ին եւ 2010-ին շահած էր:

Լերի Նենս 1984-ին շահած էր սլեմ տանքի ախոյեանութիւնը, որ 1987-ին եւ 1988-ին շահած է Մայքըլ Ճորտըն: Քոպի Պրայընթ 1997-ին շահած էր, մինչ 2000 թուականին Վինա Քարթըր, որ կը նկատուի «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան ամէնէն լաւ տանք կատարող մարզիկը, շահած էր այս տիտղոսը:

Զաք Լըվին (2015 եւ 2016), Տոնավըն Միչել (2018), Տերիք Ճոնզ (2020) եւ Անֆըրնի Սիմընզ (2021) իրենց կարգին շահած են այս տիտղոսը:

Մաքլանկի աւարտականի մրցակիցն էր Սան Անթոնիօ Սփըրզի մարզիկ Սթեֆըն Քեսըլը:

3 կէտ նշանակելու մրցումներուն, Մայեմի Հիթի կարտ Թայլըր Հէյրօ, որ 2023-ին ալ մասնակցած էր, 24 կէտ նշանակեց աւարտական մրցաշարքին` պարտութեան մատնելով Քլիվլենտի մարզիկ Տարիըս Կալենտը եւ Կոլտըն Սթէյթի մարզիկ Պատի Հիլտը:

Միլուոքի Պաքսի մարզիկ Տեմիըն Լիլըրտը, որ 2023-ին եւ 2024-ին շահած էր այս տիտղոսը, Նիւ Եորք Նիքսի մարզիկ Ճէյլըն Պրանսըն, Տիթրոյթ Փիսթընզի մարզիկ Քէյտ Քանինկհեմ, Պրուքլինի մարզիկ Քեմ Ճոնսըն եւ Լոս Անճելըս Քլիփըրզի մարզիկ Նորմըն Փաուլ դուրս մնացած էին առաջին հանգրուանին:

Հիլտ, որ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի համակիրներուն ներկայութիւնը կը վայելէր («Օլ Սթար»-ի մրցումի վայրը), պէտք ունէր 5 յաջող կողովներ նշանակելու` հասնելու համար աւարտական: Ան կրցաւ առաջին երեքը նշանակել, սակայն ձախողեցաւ չորրորդին:

Առաջին հանգրուանին 31 կէտ նշանակած Հիլտ լաւագոյն արդիւնքը ձեռք ձգած էր, բայց չկրցաւ շարունակել իր յաջող երթը:

Հերրօ (25 տարեկան), որ իր առաջին «Օլ Սթար»-ի ելոյթը պիտի ունենայ, այս տարեշրջանին շատ լաւ ելոյթ կ՛ունենայ, միջին հաշուով ամէն մրցումի նշանակելով 24 կէտ, 6 ռիպաունտ եւ 6 էսիսթ:

Աւարտականին Հերրօ աստղով գնդակները նշանակեց (3 կէտ, 2-ի փոխարէն)` նշանակելով յաջորդ 7 գնդակներէն 6-ը, խլելով առաջին դիրքը:

Նշենք, որ 3 կէտի մրցաշարքը շահող մարզիկը` Հերրօ, ստացաւ 60 հազար ամ. տոլար, մինչ երկրորդ (40 հազար) եւ երրորդ (25 հազար) դիրքերը գրաւեցին յաջորդաբար Կարլենտ եւ Հիլըտ: 4-րդէն 7-րդ դիրքերը գրաւող մարզիկները ստացան 15 հազար ամ. տոլար:

Նշենք, որ սլեմ տանք շահած Մաքլանկ շահեցաւ 105 հազար ամ. տոլար:

 

Նախորդը

Կ՛ըսեն, Թէ Էրտողան Յոյն Հայամէտ Անիշխանականի Ժառանգորդ Է

Յաջորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Լիվըրփուլ Պահեց Իր Առաւելութիւնը. Նափոլի Կորսնցուց Կարեւոր Կէտեր. Պայերն Միւնիխ 2 Կէտեր Խլեց Լեւերքուզընէն

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.