«Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ 18 փետրուարը կը սպասուի հարաւային Լիբանանէն իսրայէլեան ուժերու հեռացման վերջնական ժամկէտը ըլլալ:
Պատկերասփիւռի կայանի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Իսրայէլ զինադադարի առաջին երկարաձգումէն առաջ փորձեց ճնշում բանեցնել, որպէսզի իր զգայուն նկատած եւ բնակեցման վայրերուն վերահսկող հինգ դիրքերու վրայ իր կեցութիւնը գրեթէ մնայուն դառնայ, սակայն Լիբանանի հանրապետութեան նախագահութենէն կտրուկ մերժում ստացաւ»:
«Փարիզ բանակցութիւններուն մէջ միջնորդի դեր կատարեց: Մաքրոն մէկէ աւելի անգամներ հեռաձայնեց նախագահ Ժոզեֆ Աունին եւ կապ հաստատեց իսրայէլեան կողմին հետ` վերջինիս փոխանցելով նախագահ Աունի որեւէ դիրքի իսրայէլեան բռնագրաւումի տակ մնալուն կտրուկ մերժումը», հաղորդեց «Ժատիտ»:
«Ֆրանսական ու լիբանանեան ճնշումն ու անոնցմէ ետք ամերիկեան համոզումը Իսրայէլը պիտի մղեն 18 փետրուարին ամբողջովին հեռանալու», աւելցուց պատկերասփիւռի կայանը:
«Ամերիկացի պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըս 16 փետրուարին կը հասնի Պէյրութ, եւ 18 փետրուարին իսրայէլեան հեռացման հաստատման վերջին բանակցութեան համար այցելութիւն պիտի ըլլայ», հաղորդեց «Ժատիտ»:
Մինչ այդ, դիւանագիտական աղբիւրներ «Ժատիտ»-ին յայտնած են. «Իսրայէլեան հեռացումը Լիբանանի կամ Հըզպալլայի ղեկավարներուն վրայ իսրայէլեան օդային յարձակումներու դադրեցում չի նշանակեր»:


