– ՆԱԽԱԳԱՀ Ժոզեֆ Աուն ընդունեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքէն պատուիրակութիւն մը` նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի: Նախագահը հրաւէր ստացաւ մասնակցելու Հըզպալլայի նախկին ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիետտինի յուղարկաւորութեան:
– ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Մոհամետ Հայտար նախկին նախարար Մուսթաֆա Պայրամէն պաշտօնի ստանձնման արարողութեան ընթացքին յայտնեց. «Աշխատանք պիտի տանինք` բոլոր առնչակից նախարարութիւններուն հետ համակարգումով նուազագոյն աշխատավարձը բարելաւելու»:
«Պիտի աշխատինք բարելաւելու աշխատանքի պայմանները եւ գործի նոր առիթներ ստեղծելու», նշեց ան:
– ՖՐԱՆՍԱՅԻ նախագահական պալատէն աղբիւր մը «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Ֆրանսան պատրաստ է Սուրիոյ եւ Լիբանանի հետ անոնց սահմաններուն վերաբերեալ երկխօսութիւնը շարունակելու` նշելով, որ Լիբանան-Սուրիա սահմանի կացութիւնը միջազգային հետաքրքրութեան առարկայ է:
– ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի այցելելէ ետք յայտնեց. «Բոլոր քաղաքական հոսանքներուն աշխատանքի վերականգնումը անհրաժեշտ է»: Ան աւելցուց. «Թերեւս պայմանները տարբեր էին եւ կարգ մը խոչընդոտներ կային, սակայն կը կարծեմ, որ հիմա հրապարակը բաց է բոլորին, եւ աշխատելու առիթը աւելի մեծ է, եւ երբ կողմ մը կ՛որոշէ իր քաղաքական գործունէութիւնը վերականգնել, այդ մէկը ի շահ իրեն եւ ի շահ Լիբանանին պիտի ըլլայ»:
– «ՊԼՈՒՄՊԸՐԿ» հաղորդեց, որ Իսրայէլի ռազմավարական հարցերու նախարար Ռոն Տերմեր յայտնած է. «Մեր ուժերը մօտիկ ապագային հարաւային Լիբանանի մէջ իրենց դիրքերէն պիտի չհեռանան»:
«Զինադադարի պայմանաժամի աւարտէն ետք Լիբանանի մէջ 5 ռազմավարական կէտեր պիտի պահենք», նշած է ան:


