Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ նախագահներ Տանըլտ Թրամփ եւ Վլատիմիր Փութին աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին համաձայնութիւն գոյացուցին փոխադարձ այցելութիւններու շուրջ եւ Ուքրանիոյ հարցով «անմիջապէս» բանակցութիւններու սկսելու շուրջ:
Աւելի ուշ Թրամփ նշեց, որ Փութինի հետ պիտի հանդիպի Սէուտական Արաբիոյ մէջ` ներկայութեամբ թագաւորութեան գահաժառանգ Մուհամետ պըն Սալման իշխանին, որ, «Ռոյթըրզ»-ի համաձայն, նպաստած էր մէկ օր առաջ ամերիկացի բանտարկեալ Մարք Ֆոկըլի Ռուսիայէն ազատ արձակման: Սպիտակ տունը անոր ազատ արձակումը որակած էր` «Ռուսերուն կողմէ բարի կամքի դրսեւորում եւ նշան, թէ մենք կը շարժինք ճիշդ ուղղութեամբ` դադրեցնելու Ուքրանիոյ մէջ դաժան ու սարսափելի պատերազմը»:
Սպիտակ տան ղեկավարը նաեւ նշեց, որ ինք Ուքրանիոյ ՕԹԱՆ-ի անդամ դառնալը գործնական չի համարեր, ինչպէս նաեւ անհաւանական կը նկատէ, որ Ուքրանիան իր բոլոր տարածքներուն վերատիրանայ` «ոչ հեռու ապագային» հոն զինադադարի հաստատում նախատեսելով: Աւելի՛ն, ան նշեց. «Մեր ելեւմուտքի նախարարը Ուքրանիա ուղարկեցի, որպէսզի մեր դրամները ետ ստանալու հարցը քննարկէ»:
Կացութիւնը հեգնական է եւ եւրոպական երկիրներու ու Ուքրանիոյ համար` ցնցիչ: Եւրոպական երկիրները` Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմի օրերուն Ուքրանիոյ հակամարտութեան լուծման շարք մը միջազգային խորհրդաժողովներ գումարեցին` առանց Ռուսիան հրաւիրելու: Բնականաբար, եթէ նպատակը հակամարտութեան լուծումն էր, եւ ոչ թէ` Ռուսիան ռազմավարական պարտութեան մատնելու մտադրութիւնը, այդ ջանքերը դատապարտուած էին ձախողութեան, որովհետեւ այդ հակամարտութիւնը կարելի չէ լուծել Մոսկուան մեկուսացնելով: Այլ հարց, թէ Ռուսիան ռազմավարական պարտութեան մատնելու մտադրութիւնը եւս մինչեւ օրս չէ յաջողած:
Այսօր, Թրամփի վարչակազմի օրօք, եւ Թրամփ-Փութին հեռաձայնային զրոյցին իբրեւ արդիւնք արդէն Եւրոպան ու Ուքրանիան են, որ կը մեկուսացուին: Շօշափելի ու ոչ հեռակայ վտանգ մը, որ ահազանգ հնչեցուց, թէ` «գնացքը արդէն շուտով ճամբայ պիտի ելլէ», իսկ իրենք փոխան ճամբորդ ըլլալու, կը գտնուին երկու ճամբորդները` Ռուսիան ու Միացեալ Նահանգները ճամբողի աննախանձելի կարգավիճակին մէջ:
Ամերիկեան վարչակազմի փոփոխութիւնը կացութիւնը ամբողջովին շրջեց. այսօր փոխան Ռուսիոյ Եւրոպան է, որ ռազմավարական պարտութիւն կրելու վտանգ կը դիմագրաւէ:
Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Լեհաստանի, Իտալիոյ, Սպանիոյ, Բրիտանիոյ եւ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարները շտապեցին, միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով, յայտարարել. «Կ՛ուզենք մեր ամերիկացի դաշնակիցներուն հետ (պատերազմի դադրեցման համար) հարկ եղած ոդրեգրուելիք ուղին քննարկել»` աւելցնելով. «Ուքրանիան եւ Եւրոպան պէտք է որեւէ բանակցութեան մասնակցին»:
Այսօր շատեր, եւրոպացիներուն ու ուքրանացիներուն նման, կանգնած են Թրամփ-Փութին հեռաձայնային զրոյցով ճամբայ ելող գնացքին ճամբորդները ըլլալու առիթի կամ զայն ճամբողներու շարքին ըլլալու վտանգի երկընտրանքին առջեւ:
Ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններու վերականգնումը բնականաբար իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Հարաւային Կովկասի վրայ, ուր կրնան վերադասաւորումներ տեղի ունենալ: Ուքրանիոյ հակամարտութեան աւարտով` իր ձեռնակապերէն ազատած Ռուսիան պիտի կարողանայ աւելի ազատօրէն ու աւելի հանգիստ պայմաններու մէջ գործել:
Ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններու վերականգնումով արդէն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան գործունէութեան վերականգնումը հայկական կողմին համար կը դառնայ հասանելի նպատակ մը, իսկ ազրպէյճանական կողմին համար` շօշափելի մղձաւանջ մը:
Մինսքի խմբակը, իր միջնորդական առաքելութեան վերսկսելով, կրնայ, օրինակ, մեծապէս նպաստել Արցախի հայութեան տունդարձի իրաւունքի իրագործման ուղղութեամբ աշխատանքին: Հայկական դիւանագիտութիւնը պէտք է օգտագործէ կէտեր արձանագրելու եւ իր դիրքը բարելաւելու այս ոսկի առիթը: Թրամփ-Փութին հեռաձայնային զրոյցը գնացք բարձրանալու վերջին ազդանշանն է: Պէտք է աշխատանք տանիլ, որպէսզի մենք եւս ըլլանք շուտով ընթացք առնելիք մեծ գնացքին ճամբորդներէն մէկը եւ չյայտնուինք ճամբուն եզրին կամ անոր անիւներուն տակ:



