Փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որ չորեքշաբթի օր 40-րդ տարեդարձը տօնեց, հպարտ պէտք է զգայ իր զաւկին` Քրիսթիանօ Ճունիորի ֆութպոլի խաղարկութեամբ:
Ռոնալտօ Ճունիոր իր հօր նման Սէուտական Արաբիոյ Նասր խումբի 15 տարեկանէն վար խումբին մաս կը կազմէ, եւ քանի մը օր առաջ Իթթիհատի դէմ մրցումին 10 կոլ նշանակեց` առանձին առաջնորդելով Նասրը 10-9 արդիւնքով յաղթանակի:


