«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն, երէկ Միչիկընի մէջ Տիթրոյիթ Փիսթընզ քիչ մնաց անակնկալ արձանագրելով պարտութեան մատնէր Քլիվլենտ Քեվելիրզը, սակայն Տարիըս Կարլենտ մրցումի աւարտէն 5 երկվայրկեան առաջ ստացաւ գնդակը, յառաջացաւ եւ հազիւ դաշտին կեդրոնը կտրած, 3 կէտնոց կողով մը նշանակեց պազըր պիթըրով, որ աւարտեց մրցումը 118-115 արդիւնքով:
Քլիվլենտ, որ կը խաղար առանց «Օլ Սթար» Տոնավըն Միջելին, որ ուսի ցաւի պատճառով կը բացակայէր, 9 կէտի առաւելութիւն ունէր, բայց Քէյտ Քանինկհամ 11 երկվայրկեանի ընթացքին այդ տարբերութիւնը նուազեցուց 2 հատ 3 կէտնոց կողովներով եւ 3 ազատ հարուածներով:
Էվըն Մոպլի 30 կէտ նշանակեց ի նպաստ Քլիվլենտի, մինչ Կարլենտ 25 կէտ աւելցուց Քեվելիրզի հաշուոյն, որ 41-րդ յաղթանակը տօնեց 51 մրցումներու ընթացքին:
Քէյտ Քանինկհամ 38 կէտ, 9 էսիսթ եւ 7 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Տիթրոյիթի, որ համեմատաբար աւելի լաւ պասքեթպոլ կը ցուցաբերէ վերջերս:
«Էն. Պի. Էյ.»-ի այս տարեշրջանի նուազագոյն թիւով պարտութիւններ կրած խումբը` Օքլահոմա Սիթի Թանտըր իր դաշտին վրայ 140-109 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Ֆենիքս Սանչը:
Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտր 50 կէտ նշանակեց ի նպաստ Օքլահոմայի` դառնալով «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան 9-րդ մարզիկը, որ 7 մրցումներու ընթացքին առնուազն 50 կէտ կը նշանակէ: Ան Եութայի դէմ 54 կէտ նշանակած էր, ապա 52 կէտ` Կոլտըն Սթէյթի դէմ անցեալ շաբաթ:
Ֆենիքսի աստղ Քեւըն Տիւրենթ ձախ կռունկի ցաւ ունենալով չմասնակցեցաւ մրցումին: 36 տարեկան Տիւրենթ 26 կէտի պէտք ունի` հասնելու 30 հազար կէտերու սահմանը:
Օքլահոմայի համակիրները քանի մը անգամ «Էմ. Վի. Փի.» գոռացին, մրցումի ընթացքին Շէյը քաջալերելու համար, մինչ Տիւրենթ տարիներ առաջ նոյն քաջալերանքը կը սպառնար, երբ Օքլահոմայի մարզիկ էր (2007-էն-2016): Նշենք, որ Օքլահոմա Սիթի Թանտըր կը կոչուէր Սիեթըլ Սուփըրսոնիքս մինչեւ (2008):
Պրատլի Պիլ (25 կէտ), Տեւըն Պուքըր (19 կէտ) եւ Ռոյս Օնիլ (18 կէտ) եղան Ֆենիքսի լաւագոյնները` կրելով 3-րդ յաջորդական պարտութիւնը:
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ, Մինիափոլիսի մէջ ուրախ պահեց Թարկեթ Սենթըրի 19 հազար համակիրները` 127-108 արդիւնքով յաղթելէ ետք Շիքակօ Պուլզին:
Անթոնի Էտուըրտծ 49 կէտ նշանակեց Մինեսոթայի հաշուոյն, անոնց 20-ը 3-րդ մասին: Ան 6 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց, ինչպէս նաեւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Ան հաւասարեցաւ Քեւըն Կարնեթի ամէնէն շատ 30 կէտէ աւելի մրցումներու մրցանիշին, ինչպէս նաեւ Քարլ-Անթոնի Թաունզի` ամէնէն շատ 40-էն աւելի կէտեր նշանակելուն մրցանիշին: Նեզ Ռիտ (22 կէտ եւ 10 ռիպաունտ) եւ Ռուտի Կոպեր (10 կէտ եւ 15 ռիպաունտ) եղան Մինեսոթայի յաղթանակի կերտիչներէն:
Քոպի Ուայթ (20 կէտ) եւ Նիքոլա Վուչեվիչ (10 կէտ եւ 11 ռիպաունտ) եղան Շիքակոյի հերոսները, մինչ Չաքլըվին փոխանցուեցաւ Սաքրամենթօ Քոնկզ, իսկ Լոնչօ Պոլ վիրաւոր էր:
Ստորեւ երէկուան արդիւնքները.-
Աթլանթա Հոքս – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 125-126
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Քլիվլենտ Քեվելիրզ 115-118
Չարլոթ Հորնեթց – Միլուոքի Պաքս 102-112
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ 107-138
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Մայեմի Հիթ 101-108
Պրուքլին Նեթց – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 102-119
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Շիքակօ Պուլզ 127-108
Տենվըր Նակեթց – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 144-119
Եութա Ճեզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 131-128
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Ֆենիքս Սանզ 140-109
Սաքրամենթօ Քինկզ – Օրլանտօ Մեճիք 111-130


