Պարսելոնայի ղեկավարութիւնը «Էլ Քլասիքօ» մրցումին վայրի երկու նոր տարբերակ ունի` 35-րդ հանգրուանին գծով Ռէալ Մատրիտի դէմ մրցումին համար:
Սկզբունքով մրցումը տեղի պիտի ունենար «Քամփ Նու»-ի մէջ, սակայն Պարսելոնայի «հսկայ» դաշտին վերանորոգումը ըստ երեւոյթին իր աւարտին պիտի չհասնի մինչեւ մայիս:
Ըստ «Սփորթ. Էս»-ի մրցումը կրնայ կատարուիլ Սեւիայի «Էսթատիօ լա Քարթուխա» դաշտին վրայ, որ 57 հազար 600 համակիրներ կրնայ ընդունիլ: Երկրորդ տարբերակը կրնայ ըլլալ Ժերոնայի «Էսթատի Մոնթիլիսի» մարզադաշտը, որ համեմատաբար աւելի փոքր է` ընդունելով 14 հազար 600 համակիրներ:
Աւելի կանուխ, Պարսելոնա կ՛ուզէր օգտագործել Լոնտոնի «Ուեմպլի»-ն, որ Եւրոպայի տարողութեամբ երկրորդ ամէնէն շատ հանդիսատես ընդունող դաշտն է` 90 հազար աթոռներով:
Նշենք, որ այժմու «Քամփ Նու»-ն պիտի ընդունի 105 հազար համակիրներ` վերանորոգուելէ ետք:


