Երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ շաբաթ օր յայտնեց. «Այն խոստումներէն, որոնք երդման ճառին մէջ լսեցինք, թէ նոր իշխանութիւնը շրջաններուն, համայնքներուն ու երեսփոխանական պլոքներուն նոր կառավարութեան մէջ արդար ներկայացուցչութիւն կը խոստանայ, դժբախտաբար մինչեւ այս պահս ներկայացուցչութեան արդարութիւն չտեսանք, մասնաւորաբար սիւննի համայնքին վերաբերեալ, ինչպէս Լիբանանի մէջ այլ համայնքներու եւ պլոքներու»:
«Այն, ինչ որ ներկայիս տեղի կ՛ունենայ, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ սիւննի համայնքին համար անարդար է եւ նոր իշխանութեան դրական մեկնարկ մը չ՛արտացոլացներ, սակայն կը սպասենք կազմութեան արդիւնքին, եւ մտադրութիւններուն կամ լրատուամիջոցներուն մէջ սպրդուած տեղեկութիւններուն վրայ հիմնուած դատողութիւն պիտի չկատարենք: Յուսանք, որ բոլորին նկատմամբ հաւասար վերաբերմունք ըլլայ, որովհետեւ կացութիւնը այլեւս տանելի չէ», նշեց Քարամէ:
«Լիբանանի մէջ սիւննի երեսփոխաններուն մեծամասնութիւնը սիւննի համայնքի իրաւունքներուն եւ բացառաբար անոր ներկայացուցիչներուն նկատմամբ այս անիրաւութեան նկատմամբ միացեալ դիրքորոշում պիտի որդեգրեն: Կա՛մ կառավարութեան կազմութեան մէջ միացեալ արժեչափերու կիրարկմամբ համայնքին նկատմամբ այս անիրաւութիւնը կը դադրի եւ բոլորս այս նոր իշխանութեան իրողապէս կը զօրակցինք, եւ այդ է մեր փափաքը, կա՛մ ալ այլ կեցուածք կ՛որդեգրենք», շեշտեց երեսփոխանը:


