Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հեռացի՛ր, Որքան Կարելի Է Շուտ

February 3, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՂԱՒՆԻ ՍԱՐԵԱՆ

Նիկոլ Փաշինեա՛ն,

Թերթերու մէջ եւ զանազան կայաններէն տարբեր անձնաւորութիւններու ելոյթներուն ընթացքին քու հասցէիդ այնքան վարկաբեկիչ արտայայտութիւններ կը կարդամ ու կը լսեմ ամէն օր, եւ այս` ոչ միայն քու, այլ նաեւ` քեզի հետ գործակցողներուն եւ կաշառուողներուն հասցէին, որ աւելի վատ բառեր կը դժուարանամ գտնել բարկութիւնս արտայայտելու:

Կարծես դուն «խաղաղութիւն» բառը վերածած ես բերնի ծամոցի, կրկնեցիր ու կրկնեցիր, երեւի այս է խաղաղութիւն բերելդ: Արդեօք չե՞ս հետեւիր հայրենիքին մէջ ապրող ժողովուրդին վրդովմունքին, այդքա՞ն մոմով լեցուցած ես ականջներդ, որ չես լսեր քու մասիդ ըսուածները: Գոնէ սրտիդ աչքերը բաց ու հեռանալու վճիռդ արձակէ, արդէն ամէն տեսակ սուտեր ալ խօսեցար ժողովուրդին, մինչեւ ե՞րբ այս լարախաղացութիւնը պիտի շարունակես: Ա՛լ կը բաւէ, յստակ է, որ Ալիեւ իր նաւթահորերուն մէկ պզտիկ խողովակը ո՛ւր հոսեցուց, եւ դուն դարձար այնքան նիւթապաշտ, որ անտեսեցիր ամէն տեսակ սրբութիւն: Ընտանիքի սրբութիւնը, հայրենիքի հանդէպ զոհաբերութիւնը ոչ մէկ իմաստ կամ արժէք ունին քեզի համար: Բայց գիտցիր, որ ագահութիւնը ի՛նչ ըրաւ Կրասոսին: Օր մը անպայման դուն ալ այդ վախճանը պիտի ունենաս, բայց այն ատեն պիտի փնտռես վայր մը, ուր ապաստան գտնես, իսկ ես կը մտածեմ, որ այդ տեղը միայն Թուրքիան կամ Ազրպէյճանը կրնան ըլլալ: Այդ ալ կասկածելի է, որովհետեւ թուրքերը որքան ալ ուզեն հետդ աշխատիլ իրենց շահերուն համար, չեմ կարծեր, թէ անոնց կրնաս վստահիլ: Արդարեւ, ժամանակին Սասնոյ, Մշոյ դաշտերուն կամ գիւղերուն մէջ կաշառուած հայ դաւաճանները կը սպաննէին, թուրքերը անոնց ըսին. «Դուն ազգիդ դաւաճանեցիր, մեզ ալ կը դաւաճանես»:

Կարեւոր չէ, թէ ո՛ր երկիրներուն մէջ պահ դրած ես գումարներդ` Կիպրոս, Անգլիա, Զուիցերիա եւ այլն, քեզի խորհուրդ կու տամ` գոնէ հաւաքէ եւ Հայաստան բեր զանոնք, որպէսզի պետութիւնը օգտուի եւ մէջքը շտկէ քու երթալէդ ետք:

Նախորդ օրերուն տեղ մը կարդացի առաջարկ մը, որ արձանդ տեղադրեն ու տակը գրեն. «Ազգի դաւաճան` Նիկոլ Փաշինեան»: Բայց մտածեցի, որ մեր հայրենիքի քարով արձան ունենալու իսկ արժանի չես, մեր սուրբ քարերը մեղք են:

Յ. Գ.- Տարիներ առաջ, երբ Փաշինեանը ներկայացնող շքախումբը Կիպրոս այցելեց, թէ՛ երթին, թէ՛ դարձին բողոքս իրենց երեսին արտայայտեցի, թէեւ զիս հանդարտեցնել կը ջանային:

Այսքան տարի ետք ուրախ եմ, որ արտայայտուեր եմ, յստակ է, թէ թուրքին կիսատ թողածը դուն եւ ուսապարկերդ ըրիք: Մե՛ղք Արարատին:

Նախորդը

Երիտասարդ Արուեստագէտ Էմմանուէլ Ճգնաւորեան` Միլանոյի Սիմֆոնիք Նուագախումբի Նոր Երաժշտական Տնօրէն

Յաջորդը

Վստահ Եմ, Որ Թրամփի Վարչակազմը Ազրպէյճանի Նկատմամբ Աւելի Կոշտ Դիրքորոշում Պիտի Որդեգրէ. Ռուբէն Վարդանեանի Փաստաբանը

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.