Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը յագեցած է պայքարի, դժուարութիւններու եւ հերոսական դիմադրութեան դրուագներով: Այդ պայքարի ամենաուժեղ արտայայտութիւններէն մէկը եղած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որ ծնաւ 19-րդ դարու վերջերուն` իբրեւ պատասխան օսմանեան բռնատիրութեան եւ ազգային ճնշումներուն: Կուսակցութիւն մը, որ միայն պատմական իրադարձութիւն մը չէ, այլ արժէք է, խորհրդանշան է արդարութեան, ազատութեան եւ ինքնութեան համար մղուող պայքարին:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը` որպէս գաղափար, կը նշանակէ հպարտութիւն իմ ժողովուրդիս անցեալին նկատմամբ: Դաշնակցութիւնը ինծի կը յիշեցնէ, որ մեր նախնիները պայքարած են ո՛չ միայն իրենց ֆիզիքական գոյութեան, այլ նաեւ ազգային մշակոյթի, լեզուի եւ հաւատքի պահպանման համար: Յեղափոխականները միայն զէնքով չէ, որ պայքարեցան, այլ անոնք իրենց կեանքը նուիրեցին գաղափարներու, որոնք աւելի մեծ էին, քան` իրենք, հաւատալով, որ իրենց զոհողութիւնը ապագայ սերունդներուն ազատութիւն եւ արժանապատուութիւն պիտի բերէ:
Ես դարձայ Դաշնակցութեան ընտանիքին մաս կազմող պատանեկան միութեան անդամ, որովհետեւ կը զգայի իմ սրտիս մէջ ա՛յն նոյն կանչը, որ հնչած էր մեր անցեալի հերոսներուն մէջ: Այդ կանչը ոչ միայն պահանջ էր` պաշտպանելու մեր ազգային իրաւունքները, այլ նաեւ պարտաւորութիւն` շարունակելու այն ճամբան, որ մեզի թողած են մեր նախնիները: Ես կը հասկնայի, որ Դաշնակցութեան մաս կազմելը միայն անցեալին նուիրուածութիւն չէ, այլ` ապագային հանդէպ պատասխանատուութիւն:
Անհատապէս` Դաշնակցութեան մէջ ներգրաւուիլս ինծի աւելի գիտակից եւ ուժեղ դարձուց, որովհետեւ հոն սորվեցայ, որ միայն միասնութեամբ եւ կազմակերպուածութեամբ կրնանք յաղթահարել դժուարութիւնները: Յեղափոխական գաղափարախօսութիւնը ոչ միայն իմ հայեցի դաստիարակութեան հիմքը դարձաւ, այլ նաեւ` իմ անձնական կեանքիս մէջ առաջնորդող արժէք:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը միայն անցեալ չէ, ան ներկայ է մեր օրերուն` իբրեւ յիշեցում, որ ազգային պայքարը երբեք չի վերջանար, այնքան ատեն որ կայ անարդարութիւն, կայ նաեւ պայքարի կարիք: Ես հպարտ եմ, որ այս կուսակցութեան մէկ մասնիկն եմ, եւ իմ նպատակս միշտ պիտի ըլլայ մեր ժողովուրդի ինքնութեան, մշակոյթի եւ ազատութեան պահպանութիւնը:
Դաշնակցութեան գաղափարները իմ սրտիս մէջ արմատաւորուած են` որպէս յաւերժական յուշում` ապրելու, պայքարելու եւ չմոռնալու համար: Մեր պայքարը կը շարունակուի, եւ ես համոզուած եմ, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գաղափարները միշտ պիտի մնան ուղեցոյց հայ ժողովուրդին համար:



