Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարար Վասիլիս Փալմաս յայտնեց, որ Իսրայէլ դրացի պետութիւն մըն է, որ իրենց Յունաստանէն աւելի մօտ է եւ կղզիի հարաւային մասի ռազմակայաններու օգտագործման նախապատուութիւնը ունի:
Փալմաս յունական «Ռէալ Նիուզ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Յոյները կրնան մեր եղբայրները ըլլալ, սակայն Իսրայէլը մեր դրացին է: Իսրայէլացիները մեզի շատ մօտ են եւ կրնան երեք վայրկեանէն Կիպրոս հասնիլ»:
Ան ըսաւ, որ իր երկիրը Իսրայէլին նախապատուութիւն պիտի տրամադրէ օգտագործելու Փաֆոսի Միացեալ Նահանգներու կողմէ վերանորոգուելու նախատեսուած օդուժի ռազմակայանը եւ կառուցուող Մարի ծովուժի ռազմակայանը:
Փալմաս յայտնեց, որ նշեալ ռազմակայանները նաեւ տրամադրելի պիտի ըլլան Միացեալ Նահանգներուն, Եւրոպական Միութեան, Եգիպտոսին, Յորդանանին ու այլ բարեկամ պետութիւններու:
Ան նշեց, որ Փաֆոսի ընդլայնուած օդուժի ռազմակայանին մէջ տեղադրուելիք համակարգերը պիտի կազմեն ամբողջ Կիպրոսը ներառող օդային պաշտպանութեան ծածկոյթ մը:
Նախապէս լրատուական տեղեկագիրներ նշեցին, որ Կիպրոսի իշխանութիւնները կը ծրագրեն իսրայէլեան հետախուզութեան ծառայութենէն անդամներու արտօնել ապահովական նպատակներով Փաֆոս եւ Լառնաքա օդակայաններուն մէջ տեղակայուիլ:
Կիպրական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ իսրայէլեան հետախուզական ծառայութիւնը` Մոսատն ու ներքին անվտանգութեան ծառայութիւնը` Շապաքը Լառնաքայի օդակայանին, անոր մերձակայ շրջանին, ներառեալ մօտակայ ծովեզերքին մէջ` կիպրական ոստիկանութեան ընկերակցութեամբ խուզարկութիւն կատարած են` օգտագործելով խոշորացոյց ոսպնեակներով տեսախցիկներ եւ յատուկ սարքեր:


