Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսական Պատուիրակութեան Հետ Բանակցութիւններէն Ետք. Դամասկոս. «Ռուսիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Վերականգնումը Պէտք Է Լուծէ Անցեալի Սխալները, Յարգէ Սուրիացի Ժողովուրդին Կամքը Եւ Ծառայէ Անոր Շահերուն»

January 30, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ նոր վարչակազմը յայտարարեց, որ Դամասկոս այցելող ռուսական պատուիրակութեան հետ քննարկած է «փոխանցման մեքանիզմները` երաշխաւորելու համար հաշուետուութիւնն ու Սուրիոյ նախկին նախագահ Պաշշար Ասատի շղթայազերծած վայրագ պատերազմի զոհերուն արդարութեան հատուցումը»:

Սուրիական վարչակազմը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ընդգծեց. «Յարաբերութիւններու վերականգնումը պէտք է լուծէ անցեալի սխալները, յարգէ սուրիացի ժողովուրդին կամքը եւ ծառայէ անոր շահերուն»:

Նախքան այդ, Ռուսիոյ նախագահի Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի յատուկ պատուիրակ Միխայիլ Պոկտանով յայտնեց, որ ռուսական պատուիրակութեան Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ նոր վարչակազմի ղեկավար Ահմետ Շարհի հետ ունեցած բանակցութիւնները շինիչ եւ դրական էին:

Պոկտանով «Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ «սուրիական վարչակազմի ղեկավար Ահմետ Շարհ գլխաւորեց երեքշաբթի օր Դամասկոսի մէջ ռուսական պատուիրակութեան հետ բանակցութիւնները»` նշելով, որ հանդիպումը տեւած է աւելի քան երեք ժամ, ներառեալ կէսօրուան ճաշ, եւ բանակցութիւններուն մասնակցած են Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանին եւ առողջապահութեան նախարար Մահեր Շարհը, իսկ ռուսական պատուիրակութեան մաս կազմած են ռուսական կառավարական տարբեր հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ:

«Զրոյցը շինիչ ու գործնական բնոյթի էր: Ընդգծուեցաւ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք Սուրիոյ անկախութիւն ստանալէն ի վեր մեր երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններուն սերտ բնոյթը, եւ վերահաստատեցինք հաստատ սկզբունքային գործելաոճը մեր երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ, որոնք ռազմավարական բնոյթով կը յատկանշուին, եւ որոնց նպատակը Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան ու անկախութեան պահպանումն է», նշեց Պոկտանով:

Ռուս պատուիրակը յայտնեց, որ Մոսկուա կը հասկնայ երկրին մէջ կացութեան դժուարութիւնը, եւ սուրիական իշխանութիւնները իրենք կ՛ըսեն, որ իրենք ժամանակաւոր են, եւ յառաջիկայ մարտին` Ռամատան ամիսէն ետք մտադիր են փոխանցման կառավարութիւն կազմել, ինչ որ համահունչ է Ահմետ Շարհի երեք տարուան ընթացքին սահմանադրութեան նոր նախագիծ պատրաստելու եւ չորս տարիէն ընտրութիւններ կատարելու ծրագիրներուն: Հոլովոյթը կրնայ սպասուած արագութեամբ չըլլալ, սակայն կարեւորը այն է, որ քաղաքական գործելաոճը պէտք է ծառայէ քաղաքական կացութեան կայունացման եւ անվտանգութեան հաստատման:

Նշենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն Ռուսիոյ նախագահի Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի յատուկ պատուիրակ, արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանովի գլխաւորութեամբ բարձրաստիճան պատուիրակութիւնը երեքշաբթի առտու հասած էր Սուրիոյ մայրաքաղաք:

Ռուսական աղբիւր մը «Պլումպըրկ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Սուրիական նոր կառավարութեան հետ բանակցութիւնները փակուղիի մէջ են»:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց. «Քրեմլին Մոսկուայի եւ Դամասկոսի միջեւ հաղորդակցութիւնները կարեւոր կը նկատէ»: Այս մասին հաղորդեց «Սփութնիք»:

«Անհրաժեշտ է պահպանել սուրիական իշխանութիւններուն հետ մնայուն երկխօսութիւնը, եւ Ռուսիան պիտի շարունակէ ատիկա ընել», ըսաւ Փեսքով, սակայն չմեկնաբանեց Սուրիոյ իշխանութիւններուն Ռուսիայէն փոխհատուցման ու Սուրիոյ նախկին նախագահ Պաշշար Ասատը արտայանձնելու պահանջներու մասին յայտարարութիւնները:

Սուրիական աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ Շարհ Պոկտանովի հետ հանդիպումի ընթացքին Ռուսիոյ կոչ ուղղած է` Պաշշար Ասատն ու անոր մօտիկ գործակիցները արտայանձնելու:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելի ուշ յայտարարեց. «Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ իշխանութիւնները համաձայնեցան շարունակել հաղորդակցութիւնները` ամրապնդելու համար յարաբերութիւնները եւ արտաքին քաղաքականութեան ծիրին մէջ փոխհասկացողութիւն գոյացնելու»:

«Պատրաստ ենք ճգնաժամէն ետք վերաշինութեան փուլին Սուրիոյ պէտք եղած օգնութիւնը տրամադրելու», ըսաւ նախարարութիւնը` աւելցնելով. «Ռուսիան եւ Սուրիան երէկ պատուիրակութեան Դամասկոս այցելութեան ընթացքին իրենց փափաքը յայտնեցին բարեկամութեան սկզբունքներուն հիման վրայ զարգացնելու գործակցութիւնը»:

 

 

Նախորդը

«Կղզիի Հարաւային Մասի Ռազմակայաններու Օգտագործման Նախապատուութիւնը Իսրայէլին Է» Կ՛ըսէ Կիպրոսի Պաշտպանութեան Նախարարը

Յաջորդը

Օվերչուք. «Եւրոպական Միութեան Անդամակցութիւնը Պիտի Յանգեցնէ Հայաստանի Համար ԵԱՏՄ-ի Շուկայի Փակման. Լուծում Մը Գտնելու Մասին Խօսողները Կը Մոլորեցնեն Հայ Ժողովուրդը»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.