Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հութ. «Կարգ Մը Քաղաքական Աւանդական Ուժեր Կը Վախնան Կորսնցնել Այն Քաղաքական Ձեռքբերումները, Որոնք Կը Ստանային Նախկին Կառավարութիւններու Կազմութեան Ընթացքին»

January 30, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ առ ի գործադրութիւն զինադադարի համաձայնութեան իրենց տուներն ու հողերը վերադարձող հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն եւ իսրայէլեան բանակին միջեւ բախումներու պատկերը յաւելեալ փաստ է, թէ լիբանանցի ժողովուրդը կառչած է իր հողին եւ նախանձախնդիր է զայն ազատագրելու նոյնիսկ իր մերկ կուրծքերով:

Անիկա նաեւ յաւելեալ փաստ է, որ իսրայէլացի թշնամին ո՛չ համաձայնութիւններ, ո՛չ համաձայնագիրներ, ո՛չ ալ փաստաթուղթեր կը յարգէ, այլ զանոնք կ՛անտեսէ մեկնելով իր գաղափարաբանութեան եւ շրջանին մէջ ծրագիրներու կարիքներէն:

Հութ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին նշեց, որ իսրայէլացի թշնամին ի վերջոյ պիտի ստիպուի մէկ կողմէ ժողովրդային եւ միւս կողմէ լիբանանեան դիւանագիտութեան ճնշումին տակ յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին հեռանալ հարաւային Լիբանանի արեւմտեան ու կեդրոնական հատուածի գիւղերէն, սակայն կը մնայ արեւելեան հատուածէն անոր հեռանալու խնդիրը, ուստի միջազգային ընտանիքին, մասնաւորաբար զինադադարի համաձայնութեան հովանաւոր քառեակին անդամ պետութիւններուն պատասխանատուութիւնն է Իսրայէլի կառավարութեան վրայ առաւելագոյն ճնշում բանեցնել, որպէսզի ստիպեն, որ Իսրայէլ առանց բացառութեան լիբանանեան բոլոր հողերէն հեռանայ:

«Ոմանց իսրայէլեան թշնամիի բանակին հարաւէն չհեռանալուն պատասխանատուութիւնը լիբանանեան պետութեան ուսերուն դնելը չափազանցութիւն է եւ անարդար, մանաւանդ որ լիբանանեան պետութիւնը իր պարտականութիւնը կատարեց նախ եւ առաջ ինչ կը վերաբերի Լիթանիէն հարաւ բանակի տեղակայման, երկրորդ` դիւանագիտական աշխատանքով` կանխարգիլելով ամէն ժխտական կարելիութիւն, ինչ որ թշնամիին կը ստիպէ գործադրել զինադադարի համաձայնութիւնը: Ուստի եթէ լիբանանեան պետութեան ուսերուն պատասխանատուութիւն մը կայ, անիկա միայն ապահովելն է պէտք եղած միջազգային ճնշումները` իսրայէլացի թշնամիին ստիպելու, որ առանց այլեւայլի հեռանայ», աւելցուց երեսփոխանը:

Անդրադառնալով կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին` Հութ ըսաւ. «Ոմանց պետութեան ու իշխանութեան ղեկավարման ձեւի փոփոխութեան դիմադրելը զարմանալի չէ, մանաւանդ որ կարգ մը քաղաքական աւանդական ուժեր կը վախնան կորսնցնել այն քաղաքական ձեռքբերումները, որոնք կը ստանային նախկին կառավարութիւններու կազմութեան ընթացքին: Սակայն նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ անկասկած պիտի կարենայ սուր անկիւնները հարթել, հետեւաբար նաեւ կազմել կառավարութիւն մը, որ ոչ ոք կը բացառէ, սակայն միեւնոյն ժամանակ ոչ ոքի պայմաններուն կ՛ենթարկուի»:

«Շիի երկեակը կ՛ուզէ ամրագրել անգիր օրէնք մը, թէ ելեւմուտքի նախարարը շիիներուն մենաշնորհն է` Թաէֆի համաձայնագիրէն եւ լիբանանեան սահմանադրութենէն դուրս եղող մէկ կողմէ շիիներու ստորագրութեան, միւս կողմէ` սիւննիներու եւ մարոնիներու ստորագրութեան միջեւ հաւասարակշռութիւն պարտադրելու, սակայն նոյնիսկ եթէ նշանակեալ վարչապետը ընդառաջէ շիի երկեակի կամքին, անգիր օրէնքները, ինչ որ ալ ըլլայ քաղաքական հաւասարակշռութեան մէջ անոնց մակարդակը, որեւէ պահու բողոքարկելի կը մնան: Ուստի կարեւորը շտապելն է կազմելու կառավարութիւն մը, որուն նախարարները մասնագէտներ են եւ ատակութեան ու պարկեշտութեան վարկ կը վայելեն` սկսելու իսկական պետութեան ճիշդ ու ամուր հիմերու վրայ կառուցելու ծրագիրը», նշեց երեսփոխանը:

 

Նախորդը

«Ոմանք Կ՛ուզեն Սիոնականացնել Լիբանանը Եւ Ամերիկանացնել Անոր Հաստատութիւնները, Եւ Այս Խաղը Երբեք Պիտի Չյաջողի» Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան

Յաջորդը

Ռաատ. «Մեր Ժողովուրդի Իրաւունքն Է Բռնագրաւումին Դէմ Դնել»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.