Սէուտական Արաբիոյ Հիլալ ակումբը խզեց իր պայմանագրութիւնը պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարի հետ, ինչպէս յայտարարեց ակումբի մամլոյ ծառայութիւնը:
Պայմանագիրը խզուած է երկու կողմերու փոխադարձ համաձայնութեամբ: Նէյմարի եւ Հիլալի միջեւ համաձայնագիրը նախատեսուած էր մինչեւ այս տարուան ամառ:
Աւելի կանուխ կը հաղորդուէր, որ պայմանագիրի խզման համար Նէյմար կրնար ստանալ 65 միլիոն ամ. տոլար: Շատ հաւանական է, որ ան տեղափոխուի Պրազիլ` Սանթոսին միանալու համար:
Նէյմար Եւրոպայի մէջ մաս կազմած է Պարսելոնայի եւ Փարիզ Սեն Ժերմենին` դառնալով Սպանիոյ եւ Ֆրանսայի ախոյեան, ինչպէս նաեւ Պարսայի հետ «Չեմփիընզ լիկ» շահած է: Ան Հիլալին միացած էր 2023-էն ի վեր:


