– ԸՍՏ «Ֆութպոլ Ինսայտըր»-ի Մանչեսթըր Սիթի նպատակ ունի ձեռք ձգել Պայերն Միւնիխի միջնապահ Եոշուա Քիմիչը, որ փոխարինէ վիրաւոր Ռոտրին:
29 տարեկան Քիմիչի պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի այս ամառ, եւ Պայերն կ՛ուզէր այս ամիս առնուազն գիտնալ, թէ Քիմիչ պիտի երկարաձգէ՞, թէ՞ կը նախընտրէ այլ տեղ շարունակել իր ասպարէզը:
Քիմիչ, որ տակաւին չէ որոշած, նախապէս շատ մը ակումբներու «առիթ տուած» էր, որ մօտենան: Յոյսով մնացած խումբերու կարգին են Լիվըրփուլ, Պարսելոնա եւ Ռէալ Մատրիտ:
Սիթիի մէջ Քիմիչ կը վերամիանայ Կուարտիոլայի, որ 2015-ին միացած էր Պայերնի:
Այս տարեշրջանին, Քիմիչ 29 ելոյթ ունեցած է Պայերնի հետ, նշանակելով 1 կոլ եւ կատարելով 8 էսիսթ:
– ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏԻ մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի յայտնեց, թէ այս պահուն աշխարհի ամէնէն ամբողջական ֆութպոլիստը ուրուկուէյցի Ֆետերիքօ Վալվերտէն է:
«Ան երբեք չի հարցներ, թէ ո՛ր դիրքի վրայ պիտի խաղայ: Ատիկա իր ուժն է: Ան նոյնիսկ կրնայ կեդրոնի պաշտպանի դիրքին վրայ խաղալ», ըսաւ Անչելոթթի: 26 տարեկան Վալվերտէ 32 մրցում կատարած է այս տարեշրջանին` նշանակելով 8 կոլ եւ կատարած 4 էսիսթ:
– ԿՐԱՍՆՈՏԱՐԻ եւ Հայաստանի ազգային խումբի կեդրոնի պաշտպան Գէորգի Յարութիւնեան լքեց ռուսական ակումբը եւ միացաւ Հունգարիոյ «Փուշքաշ Ակադեմիա» խումբին: 20 տարեկան Յարութիւնեան 20 մրցումի մասնակցած է` նշանակելով 1 կոլ:
– ԼՈՆՏՈՆԻ Չելսին եւ Սպանիոյ Ռէալ Մատրիտը կրնան խաղցողներ փոխանակուիլ, ըստ «Տիրեքթ Թիվի Սփորթց»-ի: Ռէալ Մատրիտ, որ նախապէս կը փափաքէր «ծախել» ֆրանսացի միջնապահ Օրելիեն Չուամենին, կրնայ փոխանակուիլ Չելսիի միջնապահ Էնցօ Ֆերնանտեսի հետ` առանց յաւելեալ վճարումներու: 24 տարեկան Չուամենիի փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 80 միլիոն եւրոյով, իսկ 24 տարեկան արժանթինցի ֆութպոլիստինը` 75 միլիոն եւրոյով:
– ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՅԻ պրազիլցի յառաջապահ Ռաֆինիայի ապագան մութ կրնայ թուիլ, մանաւանդ որ անոր պայմանագրութեան երկարաձգման համար բանակցութիւններ սկսած են: Սակայն նիւթական դժուարութիւններու պատճառով ակումբը կրնայ մտածել 28 տարեկան ֆութպոլիստը «ծախելու» մասին, եթէ շահաբեր առաջարկներ ստանայ անոր համար:
Մանչեսթըր Սիթի եւ սէուտական կարգ մը ակումբներ հետաքրքրուած են զայն ձեռք բերելու մասին: Ռաֆինիա այս տարեշրջանին 30 մրցումներու մասնակցած է` նշանակելով 22 կոլ եւ կատարելով 14 էսիսթ:
– ՌԷԱԼ ՍՈՍԻԵՏԱՏԻ մամլոյ ծառայութիւնը յայտնած է, որ ակումբի հայազգի միջնապահ Արսէն Զախարեան տակաւին ցաւեր ունի եւ քանի մը մրցումէ եւս պիտի բացակայի:
– ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ազգային խումբի միջնապահ Վահան Պիչախչեան շաբաթավերջին իր առաջին մրցումը կատարեց իր նոր ակումբին հետ: Պիչախչեան, որ 2022-ին միացած էր Փոկոն Չեսլին լեհական ակումբին, լաւ տպաւորութիւն ձգած էր Փոկոնի համակիրներուն մօտ, որոնք դժգոհ մնացին Պիչախչեանի մեկնումով այլ լեհական խումբ մը` Վարշաւայի Լեկիա: Լեկիա 4-րդ դիրքը կը գրաւէ եւ տպաւորուած էր Վահանի խաղարկութենէն:
Կիրակի օր Լեկիա Վարշաւա բարեկամական մրցում մը կատարեց Կոռնիկի հետ եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Այս մրցումին Վահան Պիչախչեան 1 էսիսթ կատարեց իր առաջին փոխանցումը կատարելով առաջին մրցումին:
Նշենք, որ Վահան Պիչախչեան 112 ելոյթ ունեցած էր Փոկոնի հետ` նշանակելով 18 կոլ եւ կատարելով 12 էսիսթ:
– ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ԵՈՒՆԱՅԹԸՏԻ յառաջապահ Մարքըս Ռաշֆորտ սպասողական վիճակի մէջ կը գտնուի տակաւին: Սէուտական Արաբիոյ ակումբներէն մէկը առաջարկ ներկայացուցած է` Ռաշֆորտի ծառայութիւններուն համար վճարելով 35 միլիոն սթերլինկ փաունտ աշխատավարձի փոխարէն: Ռաշֆորտ մերժած է առաջարկը, հակառակ անոր որ Ռաշֆորտ պիտի ստանայ Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ իր աշխատավարձի կրկնապատիկը:
Հաւանական է, որ Պարսելոնայի դանիացի Անտրէաս Քրիսթիանսեն եթէ լքէ քաթալոնական խումբը, առիթ բացուի Պարսելոնային` առջարկ ներկայացնելու Ռաշֆորտի: Հաւանական է, որ Ռաշֆորտ պիտի նախընտրէ միանալ Պարսելոնային, միայն եթէ այլ ակումբ մը ուզէ Քրիսթիանսենը:


