Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ քննադատած է Հայաստանի Եւրոպական Միութեան մերձեցումը: Ան այս մասին ըսած է մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
«Անոնք Եւրոպական Միութեան հետ սիրախաղի սկսած են: Ամէնէն վտանգաւոր խաղը: Հանգստացուցէ՛ք զինք (Նիկոլ Փաշինեանին, «Ա.»): Ան պիտի կործանէ Հայաստանը. ան նաեւ իր դէմ կը տրամադրէ Ռուսիան: Ան շրջապատուած է, տարածքը փոքր է: Բնակչութիւնը շատ չէ, եւ ան ինքզինք շրջապատած է թշնամիներով: Հիմա Եւրոպական Միութիւնը այնտեղ պիտի սկսի անոր բանով մը օգնել… Ան պիտի կործանէ երկիրը: Ուստի զինք պէտք է հանդարտեցնել: Մենք չենք կրնար Կովկասի մէջ պատերազմ արտօնել», կ՛ըսէ Լուքաշենքօ` խորհուրդ տալով յիշել Վրաստանի եւ Ուքրանիոյ օրինակները:


