Մոսկուան Միացեալ Նահանգներէն տակաւին ազդակներ կը սպասէ` Փութին-Թրամփ յառաջիկայ հաւանական հանդիպումին վերաբերեալ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ լրատուամիջոցներու հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
«Առայժմ ազդակ չենք ստացած: Պատրաստակամութիւնը կը պահպանուի, նոյն պատրաստակամութիւնը, ինչպէս լսած ենք, ամերիկեան կողմի մօտ կայ», ըսած է Փեսքով:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 24 յունուարին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հանդիպելու ցանկութեան մասին: Միացեալ Նահանգներու նախագահն ալ անկէ մէկ օր առաջ յայտնած էր իր ռուս պաշտօնակիցին հետ անյապաղ հանդիպելու պատրաստակամութեան մասին:


