Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտր 33 կէտ նշանակեց երէկ եւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի լաւագոյն խումբը` Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 118-108 արդիւնքով յաղթեց Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզի:
Ճէյլըն Ուիլիամս 24 կէտ եւ 8 էսիսթ կատարեց եւ Այզիա Հարթընսթին 14 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Օքլահոմայի, որ ինքզինք վերագտաւ ուրբաթ օր Տալաս Մեւրիքսէն կրած անակնկալ պարտութենէն:
Օքլահոմա այժմ 45 մրցումներէն 37-ն յաղթած է: Տենի Աւտիճա 28 կէտ նշանակեց ի նպաստ Փորթլենտի:
Փորթլենտ վերջին մասին աւելի հետաքրքրական դարձուց մրցումը` 93-88-ի նուազեցնելով տարբերութիւնը, սակայն Թանտըր շուտ ինքզինք գտնելով 2 յաջորդական 3 կէտեր նշանակեց, ինչպէս նաեւ ազատ հարուածներ նշանակելով 105-90-ի վերածեց արդիւնքը:
Նշենք, որ Շէյ ընտրուած էր «Օլ Սթար»-ի մրցումի հիմնական խումբին մէջ: 74-րդ «Օլ Սթար» մրցումը տեղի պիտի ունենայ «Չէյս Սենթըր»-ի մէջ (Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի դաշտ):
Ստորեւ կը ներկայացնենք 10 հիմնական մարզիկները, որոնք պիտի բաժնուին Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններու խումբերու:
Արեւելեան շրջանի խումբ.- Ճէյլըն Պրանսըն (Նիւ Եորք Նիքս), Տոնավըն Միչել (Քլիվլենտ Քեվելիրզ), Քարլ-Անթոնի Թաունզ (Նիւ Եորք Նիքս), Ճէյսըն Թէյթըմ (Պոսթըն Սելթիքս) եւ Եաննիս Անթեթոքումփօ (Միլուոքի Պաքս):
Արեւմտեան շրջանի խումբ.- Շէյ-Կիլճիըս Ալեքսանտր (Օքլահոմա Սիթի Թանտըր), Սթեֆ Քըրրի (Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ), Նիքոլա Եոքիչ (Տենվըր Նակեթց), Քեւըն Տիւրենթ (Ֆինիքս Սանզ) եւ Լըպրոն Ճէյմս (Լոս Անճելըս Լէյքըրզ):
Պահեստի 14 մարզիկները կը յստականան ուրբաթ առաւօտ, մինչ մրցումը տեղի պիտի ունենայ 16 փետրուարին:


