Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Մէկ արիւնով նուիրագործուեցաւ «Բանակը, ժողովուրդն ու Դիմադրութիւնը» ազգային հերոսապատումը, եւ պնդում կայ հողի ազատագրման համար յառաջ ընթանալու»:
«Պիտի չընդունինք, որ իսրայէլացի ոեւէ զինուոր մեր հողերուն վրայ մնայ, եւ ժողովրդային շարժումը դիմադրութիւն է», նշեց Ֆատլալլա:
Անդրադառնալով կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին` երեսփոխանը ըսաւ. «Նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամին ու մեր միջեւ քննարկումը դրական է, եւ բոլորս կ՛ուզենք կարելի եղածին չափ շուտ կառավարութեան կազմութիւնը` յառաջիկայ փուլին երկիրը կառավարելու շուրջ յստակ արժեչափերու համաձայն»:


