Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ 134-Ամեակ. Այժմէական Եւ Թելադրական Խոհեր Անցեալէն

January 28, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը հայ ազգի ձգտումներուն ու իտէալներուն հարազատ թարգմանը եղած է իր հիմնադրութեան առաջին օրերէն:

Դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդի պատմութեան վերջին 134 տարիներու բախտորոշ փուլերուն վարեց հայ ազգին ճակատագիրը եւ մնաց ամէնօրեայ ներկայութիւն հայ կեանքին մէջ:

Հայ ժողովուրդը իր ճակատագիրը վստահած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ 134 տարի անընդհատ խիտ շարքերով ստուարացուցած  նուիրեալներու փաղանգը` ազգին ու հայրենիքին ծառայելու տեսլականով:

Պատմական ու քաղաքական յարափոփոխ պայմաններու տակ Դաշնակցութիւնը միշտ յաջողած է վերանորոգ թափով շարունակել իր ազգակերտ եւ պատմակերտ առաքելութիւնը:

Այս իմաստով այժմէական է Դաշնակցութեան 84-ամեակին առիթով, «Ազդակ»-ի մէջ լոյս տեսած. «Օր վերանորոգ ուխտի» խորագիրով խմբագրականը, զոր կու տանք ստորեւ.

***

Հայութեան նուիրական դատին ծառայելու կոչումով պատմութեան ճամբաներէն աւելի քան ութ տասնամեակ քալած, ճակատագրական քառուղիներ անցած եւ բախտորոշ հանգրուաններ կտրած մշտանորոգ կուսակցութիւն մը այսօր դարձեալ կը ներկայանայ իր ժողովուրդին:

Կը ներկայանայ ո՛չ թէ իր վաստակին գովքը հիւսելու կամ լսելու, այլ իր ժողովուրդին, մանաւանդ իր երիտասարդութեան հետ կենարար հաղորդագրութեամբ մը` միասնաբար վերանորոգելու այն ուխտը, զոր ըրած էին հուրի եւ արեան ահաւոր օրերուն:

Դաշնակցութիւնը թէեւ ամէնօրեայ ներկայութիւն է մեր իրականութեան բոլոր մարզերէն ներս, մօտէն ունկնդիր հայութեան բազկերակին, բայց անհրաժեշտ կը զգայ տարին անգամ մը ամբողջական հաշուետուութիւնը կատարելու իր գործունէութեան, սրտբաց եւ անկեղծ զրոյցի վերածելով այլապէս հանդիսաւոր տօնակատարութիւնը իր Օրուան:

Եթէ աչք մը նետենք սփիւռքահայ կեանքի բոլոր երեսներուն վրայ, եթէ փորձենք լուծել գաղտնիքը այն ներքին միութեան, որ իրերահաղորդ ամբողջութեան մը յուսադրիչ պատկերը կու տայ մեր գաղութներուն, անխուսափելիօրէն այդ բոլորի ետին կը տեսնենք ՀՅԴաշնակցութիւնը, գաղափարական այն հզօր շունչով, որ նոյն իտէալին դրօշակիրը կը դարձնէ մեր զանգուածները:

Եթէ այսօր երիտասարդներ յարաճուն խանդավառութեամբ կը խտացնեն մեր շարքերը, ուր բացի զոհողութենէն ո՛չ մէկ ակնկալութիւն կրնան ունենալ, այդ պատրաստակամութեան եւ գիտակից մատուցումին գաղտնիքը ուրիշ տեղ պէտք չէ փնտռել, եթէ ոչ այն իրողութեան մէջ, որ նոր սերունդը, իր հայեցի պատրաստութեան իսկ բերումով, ծառայելու, իր ժողովուրդին դատին ամբողջապէս նուիրուելու առաւելագոյն հնարաւորութիւնները կը գտնէ ՀՅ Դաշնակցութեան մէջ:

Դաշնակցութիւնը կը գիտակցի այս իրողութեան ու եթէ յաճախ խիստ է ինքզինքին հանդէպ, եթէ իւրաքանչիւր դաշնակցական խստապահանջ է ինքն իր հաշուոյն, պատճառներէն մէկը կը կարծենք, թէ գլխաւորաբար իր գործունէութիւնը երիտասարդներու ակնկալութիւններուն համապատասխան մակարդակի վրայ պահելն է:

Պարագան նո՛յնն է նաեւ ընդհանրական հայութեան առնչութեամբ:

Ի՞նչ չի սպասեր հայ ժողովուրդը ՀՅ Դաշնակցութենէն:

ՈՒ եթէ իր ճակատագիրը վստահած է մեր կուսակցութեան, վստահած է այն գաղափարական ուժին, որ տասնամեակներ շարունակ տոկաց բազմապիսի հարուածներու եւ հալածանքներու. բարոյական մեծութեան` որ անձերէն վեր կը տարածուի ամբողջ Դաշնակցութեան վրայ. անսակարկ նուիրումին` որուն, ամէնօրեայ, սրտապնդող վկայութիւնը կու տայ մեր կազմակերպութիւնը:

Կ՛ապրինք ժամանակաշրջան մը, ուր մեր շուրջը, հեռու կամ մօտ, դէպքերը իրարու կը յաջորդեն յաճախ գլխու պտոյտ տուող արագութեամբ:

Եթէ հայութիւնը պատրաստ պիտի ըլլայ իր ճշմարտութեան վայրկեանին, պատրաստ պիտի ըլլա՛յ, որովհետեւ ՀՅ Դաշնակցութեան մղումով եւ օրինակով, իրմէ երբեք չպակսեցաւ հաւատքը փայլուն ապագային:

Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ – եւ այս հաւատքով կրցած է ներշնչել զանգուածները թէ իր դատին արդարութեամբ եւ մարդկայնութեամբ զրահուած, ազգային իր երազներուն իրագործման համար գերագոյն զոհողութիւններու պատրաստ ժողովուրդ մը անպայման կը հասնի իր նպատակին:

Այսօր, վաղը, տարիներ ետք` բայց անպայման:

Օրինակները փնտռելու համար պէտք չկայ շատ հեռուները երթալու:

Ու ինչ որ կարելի է պայքարող ուրիշ ժողովուրդներու համար, չի կրնար անկարելի ըլլալ մեզի, մեր ժողովուրդին, որուն պայքարը` ազատութեան եւ անկախութեան, ազգային ինքնութեան եւ գերիշխանութեան, դարերու անցեալ ունի:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը այս վստահութեամբ կը գործէ եւ ուրախութիւնը ունի նոյն վստահութիւնը հաստատելու իւրաքանչիւր հայու մօտ, անխտիր բոլորին, նոյն եւ մէկ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն:

Նախորդը

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Որքա՜ն Կարօտ Ունինք Քեզի Հայոց Բանակ (28 Յունուար)

Յաջորդը

Մարզական Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը
Անդրադարձ

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը

September 17, 2026
Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան`  Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի  Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար
Անդրադարձ

Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան` Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար

September 17, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Վերամուտ

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.