Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Որքա՜ն Կարօտ Ունինք Քեզի Հայոց Բանակ (28 Յունուար)

January 28, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Հայրենիքի պաշտպանութիւնը պայմանաւորուած է ընտանիքի պաշտպանութեամբ:

ԳՆԴԱՊԵՏ ՎԻԳԷՆ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
(ԶԻՆՈՒԺ  7-9-2024)

Ամէն անգամ որ պատեհ առիթը կը ստեղծուի դիտելու հայոց բանակին մասին ներկայացուած պատկերասփիւռային թէ համացանցային յայտագիրներ, մենք` բոլորս, հպարտութեամբ կը լեցուինք, աւելի՛ն. հայրենասիրական զգացումը իր տարբեր դրսեւորումներով մեր ներաշխարհէն ներս կը խայտայ, ոգեւորութիւնը իր գագաթնակէտին կը հասնի, որովհետեւ հայ ժողովուրդը դարեր շարունակ ծարաւը ունեցած է իր սեփական աչքերով տեսնելու հայ բազուկի կենդանութիւնը, հայրենիքի պաշտպանութիւնը ստանձնած`անփոխարինելի ապաւէնը:

Ճիշդ է, որ Հայաստանի վերանկախացումով արդէն սկիզբ կը դրուէր հայոց բանակի կազմաւորումին, երբ ֆետայական խումբերն ու ազատամարտիկները, շնորհիւ իրենց անգին զոհողութեան եւ անդուլ պայքարին, կրցած էին ազատագրել հայրենի օրրան Արցախը` նորովի յոյս եւ ինքնավստահութիւն ներշնչելով ամբողջ հայութեան:

Յայտնապէս, հայրենիքի սահմանները կ՛ընդարձակուէին, պաշտպանական համակարգ ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը օրըստօրէ հրամայական կը դառնար, իսկ հայոց բանակի սպառազինութիւնը` անյետաձգելի պարտադրանք:

Երեսուն տարիներ բաւարար էին, որ հայոց բանակը ոտքի  կանգնէր, առաւել կազմաւորուէր, մասնագիտանար, սպայական կազմի ու զօրամիաւորումներու շարքերը խտանային, գնահատելի ուժ եւ կորով վաստկելով, հայոց բանակը, իր կարգին, պատրաստ ըլլար դիմակայելու թշնամի հորդաներ, վարձկաններ ու հայոց պետականութիւնը քանդել ուզող բազմապիսի ոսոխները:

Թէեւ Հայաստանի ու Արցախի անկախութեան տարիները այդքան ալ խաղաղ ու հեզասահ ընթացք չունեցան, այդուհանդերձ, հայոց բանակի կորովի տղաներն ու սպաները միշտ ալ ցոյց կու տային անկոտրում կամքի ու հայրենասիրական զգացումի բարձր գիտակցութիւն:

Փաստօրէն, արցախեան 44 օրերու պատերազմը (2020) իր դառն, դժուարին ու միեւնոյն ատեն հերոսական դրուագներով, եկաւ հաստատելու ճշմարտութիւն մը անսեթեւեթ, որ հայոց բանակը ի գին մեծ զոհողութիւններու, հրաշքի համազօր ուժականութեամբ եւ քաջագործութեամբ փորձեց դէմ դնել թուրքին եւ ազերիին, հակառակ ուժերու (սպառազինութեան) անհաւասարակշռութեան:

Ճիշդ է նաեւ այն, որ հայոց բանակը ստացաւ ահաւոր հարուածներ, ունեցաւ մեծ վնասներ, կրեց պարտութիւն, կորսցնուց նորահաս սերունդի լաւագոյն տղաները, մաքարեցաւ մինչեւ վերջ յանուն հայրենիքի պաշտպանութեան, սակայն թշնամի գերադաս ուժը պարտադրեց ինքզինք, տալով հանդերձ բազմահազար զոհ ու կրելով մեծ վնասներ:

2020-2023 տարիները, հայոց պատմութեան թէ հայոց բանակի օրագրութեան մէջ արձանագրուեցան իբրեւ կորստաբեր ու դաժան դիպաշարերու պատումներ, ուր յուսահատութիւնն ու բարոյալքումը տիրապետող եղան, իսկ սեփական ուժին հանդէպ վստահութիւնը չքացաւ, պատճառը` Արցախի կորուստը, դաւաճանական տխուր երեւոյթները, ռազմաքաղաքական ու մարտավարական անհասկնալի թերութիւններն ու թուրքին վայրագութիւնը:

Այդուհանդերձ, հայոց բանակը շարունակեց իր երթը, վերակերտեց ինքզինք, հաւաքեց իր ուժերը, վերադասաւորեց իր շարքերը եւ լծուեցաւ կազմակերպական մեծ աշխատանքի: Այսօր արդիական սպառազինումը աւելի քան անհրաժեշտութիւն է, ինչ որ կը կատարուի, արհեստագիտական նուաճումները աւելի քան էական են, ինչին որ ականատես ենք ազգովին, ռազմահայրենասիրական դաստիարակութիւնը օդի եւ ջուրի չափ կենսական է, ինչ որ առաւել պէտք է ամրակայուի, իսկ ազգ-բանակ հզօր գաղափարախօսութիւնը միակ ու անփոխարինելի արժեհամակարգն է, որ պիտի ապահովէ Հայաստանի ու հայութեան գոյութիւնը:

Եռաբլուրի պանթէոնը ամբողջ ազգի մը գոյութենական պայքարին ուժեղ ու ամենավսեմ զրահն է, որով հայը պիտի կարենայ լիցքաւորուիլ, արիանալ ու տէր կանգնիլ հաւաքական երազին` Արարատին հասնելու եւ Մռաւ լերան գագաթին իր յաղթանակի դրօշը դարձեալ պարզելու:

Հայոց բանակի տօնը, հաւատամքի եւ ինքնավստահութեան վերականգնումի օր է, անկրկնելի հերոսներու եւ անասելի սխրանքներու վերայիշատակումի առիթ է, ազգային արժանապատուութիւնն ու մարտական ոգին բարձր պահելու հրաւէր է, իսկ հայոց բանակի հզօրացումը`ամբողջ ազգի մը սրբազան պարտքն է, որով հայութիւնը պիտի պարծենայ, ուժեղանայ, զգաստանայ, ամուր դառնայ, յանուն Հայաստանի ու հայութեան լինելութեան եւ պետականութեան ամրակայումին:

Դէպի փառաւոր յաղթանակներ ու պատուաբեր հերոսագրութիւն:

Տօնդ շնորհաւոր, հայո՛ց բանակ:

 

 

 

 

Նախորդը

Տօնդ Շնորհաւոր` Հայկական Բանակ

Յաջորդը

ՀՅԴ 134-Ամեակ. Այժմէական Եւ Թելադրական Խոհեր Անցեալէն

RelatedPosts

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը
Անդրադարձ

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը

September 17, 2026
Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան`  Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի  Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար
Անդրադարձ

Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան` Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար

September 17, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Վերամուտ

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.