Ազգային չափաւորականութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուալիտ Պաարինի շաբաթ օր յայտնեց, որ կը սպասէ կառավարութեան կազմութեան վերաբերեալ խորհրդակցութիւններու պատկերի յստակացման:
«Զրկումի ենթարկուած եւ հաւասար զարգացումէն զրկուած Աքքարը իրաւունք ունի նոր կառավարութեան մէջ նախարար ունենալու», շեշտեց Պաարինի:
«Նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի նկատմամբ մեր դիրքորոշումը պիտի հիմնենք Աքքարը կառավարութեան մէջ ներկայացնելու կամ չներկայացնելու անոր որոշումին վրայ», նշեց ան:
Պաարինի հերքեց, թէ իր պլոքին ու նշանակեալ վարչապետին միջեւ յարաբերութիւնը «գաղջ է»` յայտնելով. «Այն, ինչ որ կը խօսուի երկու կողմերուն միջեւ ճշդուած ժամադրութեան մը ջնջումին մասին, սխալ է»:
Ան ըսաւ, որ Ազգային չափաւորականութիւն պլոքը կոչ ուղղած է, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը, հանրօգուտ շինութեան կամ ընկերային հարցերու նախարարութիւնը սիւննի համայնքին բաժին իյնայ:
Ան մերժեց «Բանակ, ժողովուրդ եւ Դիմադրութիւն» նշանաբանի նախարարական նոր ուղերձին մէջ ներառումը, «որովհետեւ լիբանանցի ժողովուրդը այլեւս զայն չ՛ուզեր, եւ մենք վերջաւորութեան ժողովուրդի կամքին ու ընտրանքներուն կ՛ենթարկուինք»:


