Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դպրեվանեան Ոգին. Սեղանատունէն` Ս. Խորան

January 27, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՐՈՅՐ Ծ. ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ
Տեսուչ դպրեվանուց

Ընտանիքի մը սրբութիւնը անոր անդամները խմբող սեղանին շուրջ կը ստեղծուի, որովհետեւ աղ ու հաց բաժնեկցիլը մարդուն համար, յատկապէս` հայուն համար, սուրբ է: Աղն ու հացը կը համախմբեն ընտանիքը մէկ սեղանի շուրջ: Հո՛ն է, որ տան պատշաճ կարգը կ՛երեւի, իրարու միջեւ դրական յարաբերութիւններ կը ստեղծուին, պարտաւորութիւնները կը պահպանուին, եւ ակնածանքը իր տեղը կը գտնէ: Ժամանակին, եթէ  ճաշկերոյթը ուրախ առիթով մըն էր, գեղարուեստական շունչ մը կը լեցնէր տունը` երգի, նուագի կամ բանաստեղծութեան ընկերակցութեամբ, նոյնինքն ընտանիքի անդամներու կատարողութեամբ:

Նորութիւն մը ըսած պիտի չըլլամ, երբ ըսեմ, որ այսօր բոլոր ընտանիքներուն մէջ վերեւ յիշուածը նման պատկեր չի պարզեր: Կեանքը այնքան արագ եղափոխուեցաւ, եւ մարդոց առօրեան այնպիսի տարբեր կերպար մը ստացաւ, որ այլեւս դժուար իրագործելի է ընտանեկան սեղանի շուրջ համախմբուելու նախկին սովորութիւններու պահպանումը: Այսպէս, ընտանիքի կապն ու միջյարաբերութիւնները անցեալի հիմքը չունին: Աւելի՛ն. իւրաքանչիւրին ձեռքին մէջ գտնուող հեռաձայնի տիրական առկայութիւնը ընտանիքի ներկայ անդամներն իսկ միաժամանակ բացակայ կը դարձնէ:

Դպրեվանքին մէջ համախմբումի վերոնշեալ աւանդական ձեւը տակաւին կը պահպանուի: Գլխաւորութեամբ տեսչական անդամներուն, բոլոր ուսանողները կը համախմբուին սեղանին շուրջ, որպէսզի ճաշակեն օրուան հրամցուած ուտելիքը` աղօթքով եւ Աստուածաշունչի ընթերցանութեամբ սկիզբ առնելով: Իւրաքանչիւր ճաշի աւարտին տեսուչ հայր սուրբը կամ տեսչական անդամներէն մէկը խրատական, յանձնարարական եւ կամ յայտարարողական բնոյթի խօսք մը կ՛ունենայ փոխանցելիք: Բոլոր պարագաներուն, ճաշի կասեցումն  ու քար լռութեամբ ունկնդրութիւնը կը դառնայ նախապայման` լաւ լսելու եւ հետեւելու դպրեվանքի առօրեայ ընթացքին: Երբեմն  կեանքի հիմնական դասերը խորանի ս. սեղանէն լսուած քարոզի մը պէս կը հնչեն եւ տեղ կը գտնեն իւրաքանչիւր ուսանողի սրտին մէջ: Պատահական չէր, որ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս իր զոհաբերումին խորհուրդը սեղանի վրայ հաստատեց իր վերջին ընթրիքին: Հոն նաեւ իր աշակերտներուն վերջին խրատականները տուաւ եւ պատրաստեց զիրենք գալիքին…

Երբ հիւրեր միանան դպրեվանքի սեղանին,  կամ ուրախ առիթ մը ըլլայ տօնախմբումի պատճառը, անպայմանօրէն տեսչութեան թելադրանքով եւ աշակերտներուն կազմակերպութեամբ, ճաշկերոյթը կը ծաղկի երգերու եւ բանաստեղծութիւններու մատուցումով: Ի՜նչ ոգի կը մշակուի այդ սեղանին շուրջ, երբ մեծէն փոքր միասին նստած` կը դառնան միաբերան: Երբեմն համեղ ուտելիքներու սպառումը երգին պատճառով դանդաղեցնելը դժուար զսպելի ժուժկալութիւն է, բայց ներկայ հիւրին եւ տուեալ առիթին արժէքն ու անոնց առթած ուրախութիւնը կը գերազանցեն այդ մէկը:

Սեղանատան մէջ ճաշելու պատկերին մէջ կայ նաեւ ուրիշ յարգելի սովորութիւն մը, որ հիւրերուն ուշադրութիւնը կրնայ դիւրաւ չգրաւել: Այդ մէկը սեղանի կարգն է: Իւրաքանչիւր սեղան կ՛ունենայ իր սեղանապետն ու փոխսեղանապետը, որոնց պատասխանատուութիւնը ինքնաբերաբար կը ստանձնեն աւագ ուսանողները եւ կը դասաւորեն` սեղանի կարգն ու կանոնը, սեղանը պատրաստելու, հաւաքելու եւ մաքրելու անհրաժեշտ կարգադրութիւնները: Փոքր սեղանակիցները պէտք է հետեւին իրենց սեղանապետներուն, իսկ անոնց բացակայութեան` փոխսեղանապետներուն, որոնք համաձայն ճշդուած կարգին, պէտք է սպասարկեն մնացեալ սեղաններուն: Ճիշդ այդ փոքր սեղանին վրայ է, որ իւրաքանչիւր դպրեվանեցի մեծը յարգել ու նաեւ ծառայել կը սորվի: Այստեղ մեծը հրաման տուողը չէ՛, այլ` սորվեցնողը, առաջնորդողը եւ ինք եւս աշխատանքին մաս կազմողը:

Սեղանատունը դպրեվանքի առաքելութեան փոքր պատկերն է: Բոլորս սպասարկող ենք թէ՛ Քրիստոսի սուրբ սեղանին եւ թէ՛ մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Թէ՛ կը սպասարկենք Քրիստոսի մարմինը սրբագործելու համար եւ թէ՛ զայն մատակարարելու համար մեր ժողովուրդին: Եթէ մեծ ու փոքրի փոխյարգալից վերաբերմունքով աշխատինք եւ միշտ սպասարկելու պատրաստ վիճակի մէջ ըլլանք` մեր իսկ պատառը կէս ձգելու գնով, ուրեմն մենք կրնանք մարմնաւորել Քրիստոսի ծառայ ըլլալու պատիւը եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանեցիի տիպարը: Յիսուս Քրիստոս ոսկի սահմանում մը ըրաւ. «Ո՛վ որ փոքրին մէջ հաւատարիմ է, մեծին մէջն ալ հաւատարիմ կ՛ըլլայ»: Նոյն հետեւողութեամբ, ո՛վ որ սեղանատան մէջ յարգանքով եւ բծախնդրութեամբ կը սպասարկէ, ս. խորանին վրայ իր ծառայութեան մէջ աւելի բծախնդիր կ՛ըլլայ: Ծառան` առանց ծառայութեան, ծառայ կը մնայ, իսկ սպասարկող եւ նուիրեալ ծառան Քրիստոս տեսնելու, Անով ապրելու եւ Անոր ուսուցումները մարմնաւորելու առաքեալը կը դառնայ:

Ահա՛ դպրեվանեան ոգին, որ նոյնիսկ դպրեվանքի սեղանատան մէջ կը մշակուի եւ կը կազմաւորուի` դպրեվանեան իւրայատկութեամբ եւ դաստիարակութեամբ…

 

 

Նախորդը

«Դուք Զբաղեցէ՛ք, Մենք Յանձնենք…»

Յաջորդը

Հայաստանի Քայլերգին Մէջ Փոփոխութիւններ Կատարուեցան, Իսկ Զանազան Կառոյցներու Անուններէն «Ազգային» Բառը Վերցուեցաւ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.