Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Դուք Զբաղեցէ՛ք, Մենք Յանձնենք…»

January 27, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ նոր տեսակի գլխապտոյտ պատճառող, բառացի՛օրէն «գլուխ դարձնող» դէպքեր ու նորութիւններ տեղի կ՛ունենան վերստին:

Եթէ փորձենք եղածները սեղմ հասարակ յայտարարի մը բերել, կ՛ունենանք հետեւեալը. իշխանաւորները ամէն օր, օրը քանի մը անգամ նոր մանրուքներ (նա՛եւ ոչ արհամարհելի) կը նետեն հրապարակ, որպէսզի «զուարճացնեն» հանրութիւնը եւ զբաղած պահեն ընդդիմադիր ճակատները, իսկ իրենք աննահանջ կերպով կը շարունակեն անձնատուութեան, հայրենիքէն նոր պատառիկներ թշնամիին յանձնելու պատրաստութիւնները:

Որպէսզի չմնանք անորոշութիւններու մէջ, արձանագրենք քանի մը «զբաղում», որոնցմով իշխանաւորները հանրութեան ու ազգին, ներառեալ` իրե՛նց հետեւորդներուն, ուշադրութիւնը կը հեռացնեն իսկական աղէտներէն.

– Փոխադրամիջոցներու գիներու հարց կը նետուի հրապարակ, կը յաջորդեն` բանավէճեր, բողոքի արտայայտութիւններ, սպառնալիքներ: Իշխանաւորները ի վերջոյ, առանց խոստովանելու պարտութիւնը, նահանջ կ՛ընեն: Սա կիզակէտի վերածուած է, որովհետեւ զանգուածները անհատապէս տուժող են:

– Տուրքերու թղթածրարը կը խայթէ զանգուածները` տարբեր ոլորտի մահկանացուներ: Նմանապէս` բողոք, ցոյցեր, դժգոհութիւն: Իշխանաւորները տակաւին ետքայլի տրամադրութիւն ցոյց չեն տար: Հոս ալ ժողովուրդին մորթը վիրաւորելու վիճակ կայ, եւ հրապարակը կը մնայ մոլեգնած:

– Բարձրագոյն դատական խորհուրդին համար թեկնածու մը կը բերուի խորհրդարան, ընդդիմադիրները կը խայտառակեն զայն, կը հրապարակեն անոր ասելի ու անասելի մեղանչումները: Մարդը ի վերջոյ կը ստիպուի քաշել թեկնածութիւնը, ու ընդդիմադիրները յաղթանակ մը ապահոված կ՛ըլլան: Մարդուս մտքին մէջ կասկած կը ծագի, թէ ա՞յդ ալ ժողովուրդը պահ մը զբաղած պահելու նպատակով սարքուած էր…

– Քանի մը քաղաքի մէջ քաղաքապետի այլօրինակ «ընտրութիւններ» կը սարքուին, ՔՊ-ականներ «կը սահին» ու կը նստին աթոռներու վրայ: Նահատակ ինկող ժողովրդավարութիւնը կը սպասէ, որ յուշարձան մը ունենայ (իսկ ՔՊ-ապետը կը փորձէ Տաւոսի մէջ ժողովրդավարութիւն ծախել արեւմուտքցիներուն…): Այս բոլորին մէջ ալ կ՛երեւին մարդիկ զբաղած պահելու դիտաւորութիւն ու նախաքայլեր… յառաջիկայ ընտրութիւններուն ճամբուն:

– Իշխանախումբէն մէկը ձեռք կ՛երկարէ Մոսկուայի` նշուլելով, որ ցրտացած (չըսելու համար` թշնամանքի սեմին հասած) յարաբերութեանց բարեշրջում (որ յամենայն դէպս ի հեճուկս ուրիշներու չէ, պէտք չէ ըլլայ), ուրիշներ ձեռք կ՛երկարեն` Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան. «խաղաղութեան խաչմերուկ»-ը վաղը կրնայ Սոթպիզի մէջ ալ աճուրդի դրուիլ, բայց… գնորդ չ՛երեւիր: Եւրոպա վազելու տենդ մը կայ, երբ դիմացէն բացէ ի բաց կ՛ըսեն, որ մեր ետեւէն կարմիր խնձոր չեն ղրկած, հոն երկար վազքի հարց կայ, շատ մրցողներ կը շարունակեն տասնամեակներու վազքը… Սակայն ստորագրահաւաքներն ու խորհրդարանական քննարկումները զբաղումի լայն դաշտեր կը բանան:

– Ապահովութեան պատասխանատու մը Ազրպէյճանի նորագոյն կեցուածքներուն եւ զինումի փաստերուն դիմաց մեղմի՜կ ահազանգ կը հնչեցնէ, իսկ անդին` խեղկատակ մը Ազրպէյճանէն որեւէ սպառնալիք չի տեսներ, (ընթերցողս պիտի ըսէ` տեսնելու համար աչք եւ ուղեղ պէտք է ունենալ), կը յորդորէ չմտահոգուիլ: Չէ՞ որ նոյն յորդորները հնչած էին նաեւ 44-օրեայ պատերազմի նախօրեակին… Փաստօրէն Ազրպէյճան նոր հնչեղութիւն կու տայ ո՛չ միայն Սիւնիքը գրաւելու իր ծրագիրներուն, այլեւ Հայաստանը կ՛ամբաստանէ իբրեւ ցեղապաշտ` ֆաշիստ, կը պահանջէ, որ Հայաստանի իշխանութիւնը դարմանէ վիճակը, այլապէս… ինք գործի պիտի անցնի (Պաքուի «հնարամիտները» ի չգոյէ ալ պատճառաբանութիւններ կրնան սարքել): Ստեղծուած նոր գլխապտոյտը մոռացութեան կը մատնէ նախկին պահանջները` սահմանադրութեան փոփոխութիւն, «գաղթական» ազերիներու Հայաստան «վերադարձ», բանակի ապազինում, Մինսքի խումբի լուծարք, եւրոպացի դէտերու (դուք ըսէք` զբօսաշրջիկներուն) հեռացում: Հոս արդէն հանրութիւնը զբաղած պահելու մէջ սերտ գործակցութիւն կ՛երեւի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի իշխանաւորներուն միջեւ, որովհետեւ Երեւանի «ինքնիշխանները», «ազգընտիրները», առանց ուշացումի, կը կրկնեն եւ բանիւ ու գործով կ՛իրականացնեն ազերիներուն պահանջերուն մեծ մասը, մինչեւ իսկ ազգային քայլերգն ու այլ հաստատութիւններ կ՛այլափոխեն մի՛շտ նոր զբաղում հասցնելու համար հանրութեան:

***

Մեծ ու փոքր փոթորիկներ ստեղծող, մանաւանդ ինքնահակասումի ճամբով մարդոց գլխապտոյտ «նուիրող» իշխանաւորները, անդին, յամառօրէն իրենց էշը յառաջ կը հրեն ու կը պատրաստուին հողային նոր զիջումներու: Ճակատաբաց կը յայտարարեն, որ Տաւուշի մէջ ամիսներ առաջ իրականացած հողերու յանձնումէն ետք, «սահմանազատման» յաջորդ քայլերը շուտով ճամբայ պիտի ելլեն Վրաստանի սահմանէն Տաւուշ երկարող շրջանէն (իսկ մեր ի՞նչ հոգը, որ բրիտանացիք իրենց քաղաքացիները կը զգուշացնեն հեռու մնալ Հայաստան-Ազրպէյճան ամբողջ սահմանագիծէն): Ազրպէյճանի նախընթաց յայտարարութիւններն ու պահանջները յիշողներ դարձեալ կ՛ահազանգեն, որ «սահմանազատում»-ի յաջորդ քայլերն ալ կրնան բռնել նախընթացներուն ճամբան, այսինքն միայն Ազրպէյճանը ըլլայ հող շահողը, գրաւո՛ղը, Հայաստանի ձեռքէն պիտի ելլեն պաշտպանական եւ ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող ճամբաներ, բարձունքներ: Մոռցուած են Սիւնիքէն մինչեւ Ջերմուկ եւ այլուր ազերիներուն գրաւած հողերը` ճամբաներ ու բարձունքներ: Երեւանի իշխանաւորներն ալ սահմանագծումի ծրագիրին մասին առհասարակ կը խօսին «ազրպէյճաներէն», այսինքն պատրաստակամութիւն կը յայտնեն իբր թէ ազերիական անուններով ծանօթ գիւղեր ու աւաններ յանձնելու Ազրպէյճանի: Հապա Տիգրանաշէ՞նը (վաղը Ալիեւ կրնայ յոխորտալ, որ Մեծն Տիգրանն ալ ազերի էր…):

Զարմանալի է եւ մտահոգիչ, որ այս` նոր յանձնումներու թղթածրարը չի ստեղծեր ընդվզումի ու բողոքի ա՛յն փոթորիկները, որ, ինչպէս մատնացոյց ըրինք վերը, կը ծագին ապրուստին եւ մարդոց մորթին-գրպանին դիպչող հարուածներու պատճառով: Տաւուշէն անցեալ մայիսին ծայր առած շարժումը կարծէք թէ ձմեռնաքունի մատնուած է. արդեօք նոր շարժում պիտի ըլլայ միայն ա՞յն ատեն, երբ հողային նոր կորուստներ իրականանան, «Գնա՛ մեռի՛ր, եկո՛ւր սիրեմ» տրամաբանութեամբ… Ճի՛շդ է, այդ շարժումին ղեկը չէ թողլքուած, բայց…

Ու հարց կը ծագի. հայուն համար, արդեօք գիներու եւ տուրքերու այլապէս դիւրին դարմանելի տագնապները աւելի՞ ծանրակշիռ են, թէ՞ հայրենիքի հողերէն մաս առ մաս կորուստները, սկսելով Արցախէն (ու երբ ՀԱՅ կ՛ըսենք, ի մտի ունինք նաեւ Հայաստանի սահմաններէն դուրս գտնուող հայեր, բոլորն ալ զոհ` նոյն գլխապտոյտին): Հայ պետական մարդոց, զինուորականներու եւ պարզ քաղաքայիններու Պաքուի կողմ առեւանգումը, անոնց հանդէպ ստորնացնո՛ղ վարմունքը (դատավարութիւն, բանտային «նուէրներ»…) արդեօք պէտք չէ՞ ստեղծեն նոյնքան, անգա՛մ աւելի ուժեղ հակազդեցութիւն, բողոքի ալիքներ: Այս բոլորը հրաւէր չե՞ն թօթափելու գլխապտոյտը եւ չիյնալու իշխանաւորներուն «զբաղեցնող» թակարդներուն մէջ. այս հարցումներով ըսել չենք ուզեր, որ անոնք ուշադրութիւն չպահանջող բաներ են, սակայն երբ կայ ծանրագոյնը` անդառնալի կորուստներու վտանգը…

***

… Եւ անշուշտ կրնանք դարձեալ մտածել, թէ մեզի ի՛նչ` Կազան-Արեւմտեան ափը, Ուքրանիան, Լիբանանն ու այլ արիւնող շրջաններ:

Կրնանք տարուիլ այն պատրանքներով, որ Ուաշինկթընի մէջ հիմա կայ մեծ-մեծ ջարդող նախագահ մը, որ հրապարակ վերադարձած է (իսկ այդ ե՞րբ էր, որ հրապարակէն դուրս ինկած էր) հին-նոր այլանդակ տրամադրութիւններով: Մեզի ի՛նչ, որ ան ալ կրկէս մտած է ամերիկեան կայսերական նոր հեռանկարներով, պատրաստ է աւելի՛ ուժեղ կանաչ լոյս տալու ջարդարար եւ բռնագրաւող Իսրայէլին, արդէն նախանշաններ ցոյց կու տայ, թէ այդքան ալ կառչած չէ Ուքրանիոյ պատերազմը «անմիջապէս դադրեցնելու» իր խոստումին, յետոյ, կ՛ուզէ խլել Փանաման, Կրինլենտը, գրաւել Քանատան, ճիշդ այնպէս, ինչպէս… Էրտողան եւ Ալիեւ կը հետապնդեն թուրանական հեռանկարը: Հապա՞ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ իր անձնական շահերու թղթածրարները, հապա՞ Իրանի հանդէպ թշնամանքը…

Հոն ալ, անշուշտ, կան, այսպէս կոչուած, աշխարհը զբաղած պահող տարօրինակութիւններ, սակայն Եւրոպայէն մինչեւ Իրան ու Չինաստան, մինչեւ ամերիկեան ցամաքամաս` մտահոգութիւնները աւելի՛ ծանր կը կշռեն, քան` դրական ակնկալիքները: Նախաճաշակներ տեսած ենք Թրամփի իշխանութեան առաջին քառամեակին, հիմա ան աւելի ամրացուցած է իշխանութեան երեք թեւերուն մէջ իր յենարանները, իր շուրջ խմբած է առաւելաբար նիւթը պաշտողներու խմբակներ եւ կը խոստանայ Ամերիկան դարձեալ հզօր դարձնել… ամբոխահաճ յայտարարութիւններով: Իսկ թէ «ստուեր»-ի մէջ իսկական գործողները որքա՞ն թոյլատու պիտի ըլլան անոր դրական (օրինակ` այն յայտարարութիւնը, թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ միայն երկու սեռ ճանաչում պիտի ունենան) եւ անհաճոյ խոստումներուն ու սպառնալիքներուն իրականացման` հոն կան բազմաթիւ «թաղուած շան գլուխներ»:

Հայաստանի եւ աշխարհի զանգուածներուն համար  էականը ժամանակաւոր զբաղումները չեն, պէտք չէ ըլլան, այլ` մնայուն հետք ձգող, անդառնալի կորուստներ «խոստացող» արհաւիրքներուն իրազեկումը, անոնց կանխարգիլման ուղղութեամբ գործե՛լը, նմաններու միջեւ գործակցութեան կամուրջներ ստեղծելը:

23  յունուար 2025

Նախորդը

Զինադադարէն Ետք Կազա Ո՞ր Ուղղութեամբ Կ՛ընթանայ Եւ Ի՞նչ Յոյսեր Կան Պաղեստինի Խաղաղութեան Համար

Յաջորդը

Դպրեվանեան Ոգին. Սեղանատունէն` Ս. Խորան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.