Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ապահովութեան Խորհուրդի Եւ Թաէֆի Համաձայնագիրի Որոշումներու Գործադրութեան Կարեւորութիւնը Կ՛Ընդգծենք» Կ՛ըսէ Քուէյթի Արտաքին Գործոց Նախարարը

January 25, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց Քուէյթի արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Ալի Եահիայի գլխաւորած քուէյթեան պատուիրակութիւնը:

Նախագահ Աուն հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Ես վստահ եմ, որ պիտի չզլանաք օգնութիւն տրամադրելու Լիբանանի մէջ ձեր եղբայրներուն, որոնք կը սպասեն ձեր վերադարձին, որպէսզի ըլլաք ձեր հարազատներուն ու սիրելիներուն մէջ»:

«Նոր կառավարութիւն պիտի կազմուի, եւ Ծոցի երկիրներուն հետ հաղորդակցութիւն պիտի հաստատուի` ճշդելու համար գործակցութեան նոր հիմքեր, որոնց ընդհանուր գիծերը նշուեցան երդման ուղերձին մէջ, որ պետութեան կառուցման կանոնները ճշդեց», շեշտեց նախագահ Աուն:

Քուէյթի արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին ըսաւ. «Մեր այցելութիւնը աջակցութեան ու զօրակցութեան համար է, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կողքին կանգնելու յանձնառութեան արտայայտման համար»:

Նշենք, որ նախագահ Աունին այցելող պատուիրակութեան մաս կը կազմէր Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ժասեմ Պատաուի, որ յայտարարեց. «Կը զօրակցինք Լիբանանին, անոր գերիշխանութեան ու ներքին գործերուն չմիջամտելուն, ինչպէս նաեւ լիբանանեան կառավարութեան հետ համակարգաբար Լիբանանի օգնութեան համար Ծոցի ծրագիրի մը պատրաստութեան»:

Քուէյթի արտաքին գործոց նախարարն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը այցելեցին Այն Թինէ, ուր հանդիպում ունեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Քուէյթեան պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ, վերջինիս Քրայթեմի տան մէջ:

Քուէյթեան դիւանագիտութեան պետը շնորհաւորեց Սալամը` իր երկրին ամբողջական պատրաստակամութիւնը յայտնելով բոլոր մակարդակներուն վրայ Լիբանանին աջակցելու` անոր յաջողութիւն մաղթելով իր առաքելութեան մէջ:

Քուէյթեան պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ, որ ըսաւ. «Նոր կառավարութեան կազմութեամբ Քուէյթի եւ Լիբանանի միջեւ ամբողջական գործակցութիւն պիտի հաստատուի»:

«Այս այցելութիւնը այլ իմաստ ունի, որովհետեւ պատուիրակութեան մէջ կը գտնուի Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը, եւ երէկ այս պատուիրակութեան նախորդեց Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան իշխանին այցելութիւնը: Բոլոր այս հարցերը կը յանգին լիբանանեան պետութեան հետ կապերու վերականգնման», նշեց Միքաթի:

Քուէյթեան պատուիրակութիւնը նաեւ բանակցութիւններ վարեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպի հետ:

Քուէյթի արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Եահիան հանդիպումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Կը զօրակցինք Լիբանանին ու անոր տարածքային ամբողջականութեան, եւ կ՛ընդգծենք Ապահովութեան խորհուրդի եւ Թաէֆի համաձայնագիրի որոշումներու գործադրութեան կարեւորութիւնը»:

«Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի պետութիւնները Լիբանանին աջակցելու առումով նախանձախնդիր են», նշեց ան:

«Անհամբեր կը սպասենք Լիբանանի հետ աւելի լաւ յարաբերութիւններ կառուցելու եւ շրջանին մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան ամրապնդման», շեշտեց քուէյթեան դիւանագիտութեան պետը:

 

Նախորդը

Նեթանիահու. «Իսրայէլեան Բանակի Հարաւային Լիբանանէն Հեռացումը 60 Օրէն Աւելի Պիտի Տեւէ, Որովհետեւ Համաձայնութիւնը Ամբողջութեամբ Չգործադրուեցաւ»

Յաջորդը

Ակնարկ. Ուաշինկթընի Անհամբերութիւնը Արբանեակ Պետութիւններէն

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.